Որոնել

Հայ Քոյրերու Վարժարան Հայ Քոյրերու Վարժարան 

Մշակոյթի ամիսը Հայ Քոյրերու վարժարանէն ներս:

Ինչպէս հովը ծաղիկներու սերմերը կը տարածէ ամէնուր, հայն ալ տարածուեցաւ ամէնուր, իր հետ տանելով իր ուրոյն մշակոյթը, աշխարհը զարդարելով անով:

Աշխարհասփիւռ հայութիւնը Հոկտեմբեր ամիսը կը զարդարէ իր մշակոյթով: Ամէն կողմ հայութիւնը կը ծաղկեցնէ, կը զարդարէ իր հնագոյն մշակոյթը: Հայ մշակոյթը երկար դարերու պատմութիւն ունի: Իւրօրինակ ու յատուկ շունչ ունին հայկական կրօնը, երաժշտութիւնը, պարը, արուեստը, ճարտարապետութիւնը, գրականութիւնը եւ լեզուն։

Ունկնդրէ լուրը

Եղեռնի դաժան դէպքերէն ետք, հայուն ձեռքը ստիպողաբար դրին գաղթականութեան ցուպը եւ ցրեցին ամբողջ աշխարհով մէկ: Ինչպէս հովը ծաղիկներու սերմերը կը տարածէ ամէնուր, հայն ալ տարածուեցաւ ամէնուր, իր հետ տանելով իր ուրոյն մշակոյթը, աշխարհը զարդարելով անով: Ամէն անկիւն, ուր հայ կայ, հոն կայ նաեւ հայկական մշակոյթի նշոյլ մը: Գաղթի ճամբուն վրայ թուրքը եաթաղանը դրած էր մօր վիզին, իսկ ան իր զաւակին համար Մեսրոպեան տառերը կը գրէր աւազին վրայ: Սիլվա Կապուտիկեան տարիներ ետք պիտի տար այդ մօր պատգամը.

«Ու տէս որդիս, ո՛ւր էլ լինես,

Այս լուսնի տակ ո՛ւր էլ գնաս,

Թէ մօրդ անգամ մտքից հանես,

Քո Մայր լեզուն չմոռանաս»։

Լեզուն պահելը շատ դժուար առաքելութիւն մըն է այսօր, եւ հայկական վարժարանները ջանք չեն խնայեր հայ մանուկին փոխանցելու մեսրոպաշունչ տառերը, առաւել եւս սիրցնելու հայ լեզուն:

Հայ Քոյրերու միաբանութիւնն ալ ահա 170 տարիներէ ի վեր անխոնջ, անշահախնդիր կ՛աշխատի հայ մանուկի հայեցի դաստիարակութեան համար, պահելով հիմնադիր հօր՝ կարդինալ Անտոն Հասունի յորդորը. «Միաբանութեան առանձնայատուկ նպատակն է ծառայել հայ ժողովուրդի զաւակներուն, կրօնական, բարոյական եւ տոհմային դաստիարակութեամբ»: Ու հաւատարիմ հիմնադիր հօր՝ Լոս Անճըլըսի Հայ Քոյրերու վարժարանը կը ջանայ կերտել հայ մանուկը հայեցի դաստիարակութեամբ, ջամբել անոր սիրտին մէջ սէրը կրօնի եւ հայրենիքի:

Հինգշաբթի, 24 Հոկտեմբերին, վարժարանիս սաները տօնեցին ամենայն հայոց երգի վեհափառ Կոմիտասի եւ ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150ամեակը:

Նորա Պուլտուքեան իր բացման խօսքով ջատագովեց հայ մշակոյթը, իր հարստութիւններով: Ան անդրադարձաւ քրիստոնէութեան, գիրերու գիւտին, Աստուածաշունչի թարգմանութեան եւ հայ ազգի զոյգ տիտաններուն՝ Կոմիտասի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ներդրումներուն:

Ապա, մանկապարտէզէն մինչեւ ութերորդ դասարանի բոլոր աշակերտները իրենց մասնակցութիւնը բերին հայ մշակոյթի այս բացառիկ հանդէսին: Անոնք երգեցին Կոմիտասէն՝ «Կաքաւիկ»ը եւ «Գնա՛, գնա՛»ն, արտասանեցին Յովհաննէս Թումանեանէն քառեակներ, իսկ 6րդ դասարանի մասնակցութեամբ բեմադրեցին Թումանեանի «Քեֆ անողի քեֆ չի պակսի» հեքիաթը:

Հանդէսը աւարտեցին 8րդ դասարանի սաները հայկական գեղեցիկ պարով:

Հանդիսատէսը մեծ գոհունակութեամբ ձգեց դահլիճը, լեցուած նոր ոգեւորութեամբ, հայկական շունչով եւ յուսալի տեսլականով՝ դէպի նոր սերունդի ապագան:

(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)

Քաղուած «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/11/2019, 08:35