Կիրակնօրեայ Աւետարանը Կիրակնօրեայ Աւետարանը 

Կիրակի 24 Նոյեմբեր 2019 - Երկրորդ Կիրակի Յիսնակաց

Աստուծոյ Նախախնամութիւնը կը հսկէ ամէն մարդու վրայ (Ղուկ. 12, 13-31)

Այս աշխարհի վրայ մենք ամէնքս մեր կեանքի մատակարարներն ենք։ Ուրիշ մէկը մեր տեղ կը մատակարարէ մեր կեանքը մինչեւ որ հասնինք հասուն տարիքի, սակայն վերջը` մեզմէ իւրաքնչիւրին կ՛իյնայ այդ պաշտօնը։ Լաւ մատակարարել իր անձն ու կեանքը, կը նշանակէ հետապնդել այն բոլոր միջոցները որոնք օգտակար են մեզի, առողջ եւ գործունեայ պահելու համար մեզ, մինչեւ խոր ծերութիւն, ուր դարձեալ պիտի ենթարկուինք ուրիշի օգնութեան։

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Արդ այս մատակարարութիւնը կ՛ենթադրէ որ մենք զբաղինք մեր առօրեայ ապրուստով. Ի բացառեալ կրօնական հաստատութիւններէ, ուր կը զօրէ աղքատութեան ուխտը եւ ընդհանուր մատակարար մը կայ ամէնուն համար, աշխարհի մէջ ապրող որեւէ անհատ, այր թէ կին, պատասխանատու է նախ իր կեանքի ընթացքին եւ ապա իրեն խնամքին յանձնուած անձերուն կազմութեան ու բարգաւաճման։ Ով որ կ՛անտեսէ այս մեծ պատասխանատուութիւնը, անշնորհք կերպով կը վարուի իր եւ ուրիշներու կեանքին հանդէպ եւ կ՛արհամարհէ Աստուծոյ օրէնքը։

Սակայն մարդ կրնայ իրեն պէտք եղածէն աւելիին բաղձալ եւ բոլոր կեանքը աշխատիլ մի միայն հարստութիւն դիզելու համար։ Ահա այսօրուան առակին մէջ` Քրիստոս մեզի կու տայ օրինակը մարդու մը որ բախտաւորուեցաւ անակնկալ հարստութեամբ մը եւ աչքերը շլացան անով ու դարձաւ ընչաքաղց։ Այս ընթացքը թերի է, որով մեզ կը հեռացնէ էականէն, որ է մարդուս հոգիին փրկութիւնը։

Որով, բացի մարմնի մատակարարութենէն, մենք ունինք նաեւ սրբազան պարտա-կանութիւնը մեր հոգիի փրկութեամբ զբաղելու, մեր այս կեանքի ընթացքին, ազատելով յաւիտենական կորուստէն։ Ասոր համար է որ բազմահազար մարդիկ ու կիներ, իրենք զիրենք ամբողջովին կը յանձնեն Աստուծոյ, իրենց բոլոր կեանքը նուիրելով անոր պաշտամունքին ու փառաբանութեան։ Կրօնաւորներն ու կրօնաւորուհիները կը նախընտրեն ապահովել այս երկրորդ մատակարարութիւնը, որով իրենց համար լաւագոյն կեանքը յաւիտենական կեանքն է եւ ոչ թէ այս աշխարհի անցաւոր կեանքը։

Յիսուս կը խօսի մեզի նաեւ աստուածային նախախնամութեան մասին։ Այսպէսով կ՛ուզէ մեզի հասկցնել թէ Աստուած, որ կը հոգայ ծաղկի մը գեղեցկութեան վրայ, կամ թռչունի մը առօրեայ ուտելիքին վրայ, նաեւ մեծ հոգածութիւն ցոյց կու տայ իւրաքնչիւր մարդու վերաբերեալ։ Անշուշտ ասիկա չ՛արգիլեր որ մարդ ինք եւս աշխատի ինքզինք հոգալու համար. Աստուծոյ նախախնամութիւնը չի հրաւիրեր մեզ ծուլութեան եւ անգործութեան. Ան միայն մեզի ցոյց կու տայ թէ մեր վրայ մտածող եւ մեզ խնամող կայ եւ թէ մարդը չէ լքուած ինք իր ճակատագրին, առանց որեւէ օգնութեան։

Եթէ մենք մեր ուժերուն ապաւինինք, յստակ է որ կրնանք որոշ տեղ մը հասնիլ. Իսկ Աստուծոյ շնորհքին վրայ ապաւինելով, մեր ուժերը աւելի յառաջ կը տանին մեզ։ Միայն թէ զգուշանալու ենք դրամասիրութենէն եւ ընչաքաղցութենէն. Ասոնք այնպիսի ախտեր են որոնք մեզ կը վրիպեցնեն մեր իսկական նպատակէն։ Ծայրագոյն արեւելքի մէջ` ծաղկած են փիլիսոփայութիւններ որոնք մարդս կ՛ուղղեն դէպի անջատումը ամէն բանէ. Թերեւս հոն է որ հարկ է փնտռել ճշմարտութիւնը, միայն թէ անոնց կը պակսի Քրիստոսի վարդապետութեան ուղղութիւնը, որու ուժով միայն իրենց անջատումը իմաստ ու արժէք պիտի ստանայ եւ ծառայէ յօգուտ համայն մարդկութեան։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2019, 09:09