Պոլսոյ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Պոլսոյ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: 

Պոլսոյ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։

Սուրբ Պատարագի մասնակցեցան Սուրբ Յակոբ Հիւանդանոցի Հիմնարկի հոգաբարձութեան անդամներն ու անոնց ընտանիքները, ժողովրդապետութեան հաւատացեալները եւ բարեկամները:
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 10 Նոյեմբեր 2019-ին Պոլսոյ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ տօնուեցաւ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը եւ Ոսկեբերանի տօնը, որ հայ կաթողիկէ ծիսական օրացոյցին մէջ նշուած է Երեքշաբթի 12 Նոյեմբերին:

Ամէն տարուայ պէս, հաւատացեալները մեծ թիւով հաւաքուած էին որպէսզի յիշատակեն եկեղեցւոյ տօնը եւ զիրար շնորհաւորեն: Սուրբ եւ անմահ Պատարագը մատուցանեց եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանը առընթերակայութեամբ փոխ ժողովրդապետ՝ արժանապատիւ Տէր Հայկ Արամ քհն. Չէքիճեանի եւ Տէր Յակոբ աւագ սարկաւագ Մինասեանի:

 Երգեցողութիւնը կատարեց Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ դպրաց դասը ղեկավարութեամբ դպրապետ՝ Զաւէն Ակայի:

Սուրբ Պատարագի մասնակցեցան Սուրբ Յակոբ Հիւանդանոցի Հիմնարկի հոգաբարձութեան անդամներն ու անոնց ընտանիքները, ժողովրդապետութեան հաւատացեալները եւ բարեկամները:

Օրուան քարոզին մէջ ժողովրդապետ հայրը անդրադարձաւ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանի կենսագրականին եւ մեծատարած հոգեւոր գրական վաստակին մասին, որ մինչեւ այսօր աննման արժէք մը կը ներկայացնէ ընդհանրական բոլոր քրիստոնեայ Եկեղեցիներուն համար: Ան նշեց նաեւ կարեւորութիւնն ու յարաբերութիւնը մեծ Հայրապետին՝ Հայ Եկեղեցւոյ հետ: Ապա իր խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ Հայրապետին մէկ խօսքին վրայ որ քրիստոնեայ հաւատացեալին կ'ուղղէ ըսելով. «Ձեր լոյսը մարդոց աչքերուն մէջ թող փայլի»: Ան համայնքը նմանեցուց բազմաթիւ լամպերէ կազմուած մեծ ջահի մը, որուն ամէն մէկ մասնիկը իր հաւատքով լուսաւոր պիտի դարձնէ համայնքը եւ լուսաւորէ նաեւ իր շուրջը եւ թէ իրենց լոյսին վաւերականութիւնը պիտի արտացոլայ մերձաւորին աչքերուն մէջէն:

Սուրբ Պատարագէն ետք հաւատացեալները ապա հաւաքուեցան կոկիկ հիւրասիրութեան շուրջ եւ զիրար ողջունելու առիթն ունեցան:  

Թղթակից

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2019, 08:21