Խաչ, երկինք, լոյս Խաչ, երկինք, լոյս 

Հոգին աւանդած է առ Հայր Անարատ Յղութեան հայ միաբան քոյր Անի Մկրտիչը

Աղօթե՛նք առաքինազարդ քոյր Անիի համար, որ Աստուած անոր հոգին ընդունի Իր լուսաւոր արքայութեանդ մէջ

2019թ. նոյեմբերի 26-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, Գամիշլիի հիւանդանոցին մէջ, ուղեղի կաթուածի հետևանքով իր հոգին աւանդեց առ Հայր Անարատ Յղութեան հայ միաբանութեան անդամ՝ 1956-ի ծնունդ քոյր Անի Մկրտիչը։ 

Ունկնդրէ լուրը

Հանգուցեալի յուղարկաւորութեան արարողութիւնն ու  հոգեհանգստեան պաշտօնը տեղի ունեցաւ 27 նոյեմբերի կէսօրէն ետք  2-ին Գամշլիի Սուրբ Յովսէփ Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Գամշլիի Հայ Կաթողիկէ Հովիւ Գերյարգելի Հ Անդրանիկ Ծ. Վ. Այւազեանի։

Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին 27 եւ 28 նոյեմբերին, Հայ Կաթողիկէ Լեւոնեան սրահէն ներս։

Վատիկան Նիուզ – Ռատիօ Վատիկան հայկական բաժնի անձնակազմը իր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնէ Անարատ Յղութեան միաբանութեան ու կը միանայ հաւատացեալ ժողովուրդի աղօթքներուն ի հոգողն հանգստեան ննջեցեալ Քոյր Անիին։

Թղթակցութիւնը՝ Գերհ.Հ. Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/11/2019, 08:57