Յիսուսեան Հայր Էմիլիօ Մոսկոզօ Յիսուսեան Հայր Էմիլիօ Մոսկոզօ 

Երանելիներու շարքին կը դասուի Յիսուսեան Հայր Էմիլիօ Մոսկոզոն։

1895-ին Էքուատորի մէջ ընթացք առած յեղափոխութիւնը մեծ պայքար մը մղէ կղերականներուն դէմ ու յատկապէս Յիսուսեան միաբանութեան դէմ, որոնց շարքին է Հայր Էմիլիօ Մոսկոզոն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Էքուատորի Ռիոպամպա քաղաքին մէջ շաբաթ 16 նոյեմբեր 2019-ի առաւօտեան ժամը 11-ին (Հռոմի ժամը 17-ին) Սուրբերու Դատի Ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Անճելօ Պեչչու , քաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին երանելիներու շարքին կը դասէ Յիսուսեան միաբանութեան անդամ՝ նահատակ Հայր Սալվաթորէ Վիթթորիօ Էմիլիօ Մոսկոզօ Քարտէնասը։

Ունկնդրէ լուրը

Ան կը նկատուի երկրի առաջին մարտիրոսը։ Ծնած ինը զաւակներով քրիստոնեայ բարեպաշտ ընտանիքի մը յարկին տակ Էմիլիոն փոքրիկ հասակէն մեծ ջերմեռանդութիւն ունէր Սուրբ Կոյս Մարիամի ու Յիսուսին նկատմամբ։ Իրմէ զատ իր քոյրերէն չորսը եւս կը հետեւին Յիսուսին կոչին ու իրենց կեանքը կը նուիրեն կուսակրօնութեան։

Հետեւելէ ետք համալսարանական իրաւական մասնագիտութեան  Էմիլիոն Յիսուսեան միաբանութեան անդամ կը դառնայ 20 տարեկանին ու Քահանայ կը ձեռնադրուի 30 տարեկանին՝ նախ ծառայելով Փերուի մէջ ապա Սպանիա հուսկ իր ծննդավայրը Էքուատոր։ Ան կ՛ապրի սրբակեաց եւ օրինակելի կեանք մը յատկապէս ժամանակ տրամադրելով Սուրբ Հաղորդութեան ջերմեռանդութեան պաշտամունքին։

1895-ին Էքուատորի մէջ ընթացք առած յեղափոխութիւնը մեծ պայքար մը մղէ կղերականներուն դէմ ու յատկապէս Յիսուսեան միաբանութեան դէմ,  որոնց շարքին է Հայր Էմիլիօ Մոսկոզոն։

1897ի 2 մայիսին Ռիոպամպա քաղաքի Յիսուսեաններու Սան Ֆիլիփփօ Ների վարժարան կը խուժեն զինեալ խմբաւորումներ ու պատանդի տակ կ՛առնեն վանքը ու այնտեղ ապրող քահանաներն, կրօնաւորներն ու աշակերտները։ Հայր Մոսկոզոն սակայն տունէն դուրս էր,  իմանալով ձերբակալութեան լուրը փոխանակ փախչելու կ՛որոշէ տուն վերադառնալ ու իր եղբայրակիցներուն միանալ։ 4 Մայիսին հրահանգ կը տրուի սպաննել բոլոր քահանաները։ Հայր Մոսկոզոն իր նահատակութիւնը կը գտնէ մինչ իր սենեակին մէջ սուրբ վարդարանը կ՛աղօթէր  ու Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքը կը կատարէր Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ Յիսուսին գիրկին մէջ յանձնելով իր հոգին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/11/2019, 10:21