Որոնել

Քոյր Մարիա Էմիլիա Ռիքուէլմ Քոյր Մարիա Էմիլիա Ռիքուէլմ 

Եկեղեցին ունեցաւ նոր երանելի մը Քոյր Մարիա էմիլիա Ռիքէմ Ի Զայաս:

Սուրբ Հաղորդութիւնը երկրին վրայ դրախտն է : Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքը իմ հոգեւոր հանգիստի եւ զբօսանքի ժամն է :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 9 նոյեմբերին, Սպանիոյ Կրանատա քաղաքին մայր տաճարէն ներս, Սուրբերու դատի ժողովի ղեկավար ,Կարդինալ Անճելօ Պեչչու նախագահեց Աստուծոյ աղախին քոյր  Մարիա էմիլիա Ռիքէմ Ի Զայասի երանացման արարողութեան:

Ունկնդրէ լուրը

Քոյր Մարիա ծնած է 15 օգոստոս 1847-ին, Սպանիոյ Կրանատա քաղաքին մէջ: Ան մանուկ հասակին յատուկ սէր ունեցած է աղքատներուն հանդէպ, աղքատները միշտ իր բարեկամները նկատելով: Ծնողքէն ժառանգած բոլոր հարստութիւնները սպառած է եղբայրսիրական գործեր իրականացնելով: Քոյր Մարիա իր  բոլոր  ուժերը կը քաղէր Սուրբ Հաղորդութենէն ինչպէս նաեւ Տիրամայրէն,  որոնց  նուիրած է   25 մարտ 1896ին հիմնած Սուրբ Հաղորդութեան միսիոնար քոյրեր միաբանութիւնը:

Քոյր Մարիա իր խօսքերուն մէջ յաճախ կրկնած է  հետեւեալը « Սուրբ Հաղորդութիւնը երկրին վրայ դրախտն է : Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքը իմ հոգեւոր հանգիստի եւ զբօսանքի ժամն է : Քոյր Մարիա միշտ ամուր հաւատքով դիմագրաւած  է կեանքի բոլոր դժուարութիւնները: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2019, 12:55