Խրիմի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցին Խրիմի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:

Մէ՞կ Սխալ Միայն, Թէ Աւելի

Գործուած սխալի մը չափը՝ այսինքն տարողութիւնը կամ տեսակը միշտ նկատի կ՛ունենան մարդիկ, անոր համապատասխան տուգանք կամ պատիժ ակնկալելով իրաւապահէն կամ վրէժխնդրութիւն՝ տուժող կողմէն: Ոմանց կարծիքով գործուած սխալ մը, ի՛նչ ալ ըլլայ անոր տարողութիւնը կամ տեսակը՝ սխալ է: Այսինքն անոնց համոզումով, սխալներուն միջեւ խտրութիւն չկայ: Մեծ կամ փոքր սխալներ չկան: Սխալը սխալ է, այնքան ատեն որ սխալ է, գործուած ուրիշին դէմ, ըլլայ ատիկա մարդ կամ իր:

Ամէն մարդու կողմէ ընդունուած հաստատումը կրնանք այստեղ մենք ալ կրկնել, թէ անսխալական մարդ գոյութիւն չէ՛ ունեցած ցարդ, հիմա՛ ալ չկայ աշխարհի երեսին, ո՛չ ալ ապագային պիտի ըլլայ: Ամէն մարդ սխալական է: Ոմանք երբ տեսնեն շատ իմաստուն մարդ մը, իրենց այնպէս կը թուի, թէ այդ մարդը բնաւ չէ՛ սխալած կամ չի՛ սխալիր: Ունկնդիրները հմայուած անոր հեղինակաւոր խօսքէն, խիստ տրամաբանական արտայայտութիւններէն, երբեմն ճարտասանական շքեղ լեզուէն ու հռետորաբանութենէն, անկարելի կը գտնեն անոր սխալած ըլլալը կամ հետագային որեւէ սայթաքումի հնարաւորութիւնը: Սակայն պէտք չէ՛ մոռնալ որ ամէն մարդ սխալական է, այսինքն անսխալական մարդ չկայ: Ուրեմն իմաստունն ալ կը սխալի, սակայն ո՛չ այն յաճախականութեամբ, որ սովորական մարդիկ կը սխալին, այլ հազարէն մէկ:

Սխալի մը համար կատարուած անդրադարձը կամ զղջումը վերստին ոտքի կանգնելու առաջին իսկ քայլն է: Կեանքը վերիվայրումներ ունի անկասկած, եւ իւրաքանչիւր սխալ բնականաբար դաս մը կու տայ սխալը գործողին:

Արդեօք որ սխալը աւելի ծանրակշիռ է, սեփական անձին դէմ կամ  կողմէ ուրիշին դէմ գործուածը: Երկու պարագաներուն ալ մենք ենք սխալը գործողը, սակայն առաջին պարագային զոհը ուղղակի մենք ենք, իսկ միւսին զոհը՝ ուրիշը:

Մենք մեզի վնաս կը պատճառենք տարբեր ձեւերով: Մոլութիւններով ու պատերազմի ընթացքին։

Ոմանց կարծիքով, այնքան ատեն որ ուրիշին վնաս չենք հասցներ, այսինքն մեր սեփական անձն է միայն վնաս կրողը, ուրեմն յանցանք մը չունինք, քանի որ մենք ենք մեր անձին տէրն ու պատասխանատուն: Շատ սխալ եւ անփոյթ մօտեցում է այս, բարոյագիտական ակնոցով դիտուած: Աստուծոյ պարգեւն է մարդ ինքը: Մեր մարմինը մեզի տրուած աւանդ է, անոր մէջ մտնելով զայն պահելը իր մաքրամաքուր բարձրութեան վրայ, մինչեւ անոր հողայնական ճակատագիրին դարձը: Մոլութիւնները շատ հեշտ բոյն կը դնեն մեր մէջ, սակայն շատ դժուարաւ կը յաջողինք ձերբազատիլ անոնցմէ: Ոմանք գաւաթ մը սուրճի չափը չեն յաջողիր իր սահմանին մէջ պահել, մինչեւ որ բժշկական արգելքով ամբողջովին կը զրկուին այդ հաճոյքէն: Նոյնն է պարագան նաեւ այլ հաճոյքներու, որոնք իրենց չափաւորութեան սահմանէն դուրս գալով կը վերածուին մոլութեան:

Մոլութիւններուն վերջակէտը անձնասպանութիւնն է, սակայն անոր դիմող անձը չի՛ գիտեր որ իր արարքը վերջակէտ մը չէ՛, այլ դատապարտութեան ճամբու մը սկիզբը միայն: Ճամբայ մը, որ զինք պիտի առաջնորդէ դէպի այն ատեանը, ուր պատասխան պիտի տայ իր անձը մսխած ըլլալուն եւ աստուածատուր առաքինութիւնները յում պէտս վատնած ըլլալուն համար:

Մեր կողմէ մեր նմանին դէմ գործած սխալներն ալ երբեմն մէկ սխալի կիրարկումով կրնան սկսիլ եւ այնքան կուտակուիլ, որ անսպասելի արդիւնքի հասնին մեր փոխյարաբերութիւնները տուեալ անձին հետ:

Թումանեանի «Մի Կաթիլ Մեղր» հեքիաթը սերունդներու դաստիարակը եղած է ու դեռ կը շարունակէ մնալ, ձիւնագնդակի աճման ու մեծնալու բարձրաղաղակ վկան հանդիսանալով: Այդ մէկ սխալը կրնայ նոյնիսկ կամքէ անկախ ի յայտ գալ եւ խանգարել անդորրը: Սակայն ինչքա՜ն աւելի ողբերգական է այն պարագան, երբ այդ մէկ սխալը, այն ալ մեր կեանքին համար գործուած, մեր ձեռքով եւ մեր անուշադրութեան կամ անփութութեան հետեւանքով, տեղ գտնէ մեր առօրեային մէջ, քանդելով մեր ամբողջ ապագան:

Ուրեմն, մէկ սխալ թէ աւելին՝ եթէ ի գործ դնենք, կրնայ վնասել մեր ամբողջ կեանքին:

Կեանքը սահմանափակ օրերու գումար է, որուն իրաւամբ կու տան «երազ» անունը, նկատի ունենալով անոր կարճ բնոյթը:

Քեզի կը մնայ այդ երազի ճամբուն վրայ սխալներ գործելէ աւելի դրական իրագործումներ կատարել, արժեւորելու համար քեզի պարգեւուած կեանքը, որ երազէ աւելի՝ ակնթարթ մըն է:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/11/2019, 07:49