Որոնել

Արհ Պետրոս Արք Միրիաթեան Արհ Պետրոս Արք Միրիաթեան 

Արհ. Պետրոս Արք Միրիաթեանի կոչը «Աղօթենք Սուրիոյ Ժողովուրդին համար»:

Արհ Պետրոս Արք Միրիաթեանի զրոյցը քահանայապետական բարեսիրական հաստատութեան հետ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Բերիոյ թեմի Հայ Կաթողիկէներուն առաջնորդ, Արհիապատիւ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեան, հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է «Օգնութիւն տառապող եկեղեցւոյ» քահանայապետական բարեսիրական հաստատութեան հետ,  Տէր Զօրի ճամբուն վրայ,  Քամիշլիի հայ Կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ, Հայր Յովսէփ Քահանայ Պետոյեանի ու անոր հօր նահատակութենէ ետք:»

Ունկնդրէ լուրը

«Պատերազմը տակաւին չէ վերջացած: ՏԱՀԵՇ-ը իր ներկայութիւնը տակաւին զգալի կը դարձնէ:» Այս խօսքերով արտայայտուած է Բերիոյ Թեմի Հայ Կաթողիկէներուն առաջնորդը՝ զրոյցին սկիզբը:  

Պերապայծառ Միրիաթեան ապա նշած է, թէ Հայր Պօղոսն ու անոր ընկերացող հայրն ու սարկաւագը,  ինքնաշարժով ուղղուած էին դէպի Տէր Զօր, Մարտիրոսաց եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքները ստուգելու համար:   

Քահանայապետական բարեսիրական հաստատութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն մէջ Հալէպի հայ Կաթողիկէներուն առաջնորդը նշած է, թէ  Տէր Զօրի մէջ հայերուն ներկայութիւնը հաճելի չէ, որովհետեւ անոնք յիշել կու տան Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

«Տէր Զօրը մեզի համար շատ կարեւոր է, որովհետեւ հոն սպաննուած են 1915-ին ցեղասպանութենէ փրկուած նահատակներ:

Այսօր՝ Տէր զօրի մէջ, ոչ մէկ հայ կաթողիկէ հաւատացեալ կայ եւ վստահ ենք ,որ  Թուրքերը չեն ուզեր, որ մենք հոնվերադառնանք:» ըսած է գերապայծառը : Ան ապա  կոչ յղած է միջազգային ընտանիքին, խնդրելով որ Սուրիոյ մէջ վերջ գտնեն պատերազմները:

Արքեպիսկոպոս Միրիաթեան զրոյցը  աւարտած է հայցելով  աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներէն, որ աղօթեն, տաժանելի պահեր ապրող Սուրիոյ ժողովուրդի համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/11/2019, 13:42