Սուրբ Պետրոսի պազիլիքայի գմբէթը Սուրբ Պետրոսի պազիլիքայի գմբէթը  

Սուրբ Պետրոս հրապարակի Ծննդեան մսուրն ու տօնածառը Ազիակոյի եւ Վալսուկանայի քաղաքներուն նուէր։

Մսուրին բացումը ու տօնածառին լուսաւորման արարողութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ 5 դեկտեմբերին ժամը 16.30-ին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ինչպէս յայտնի է մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը կը զարդարուի սուրբ Ծնունդը յատկանշող մսուրով ու տօնական ծառով որ այս տարի նուիրուած են Հիւսիսային Իտալիոյ երկու քաղաքներու կողմէ՝ Ասիակօ եւ Վալսուկանայ։

Ունկնդրէ լուրը

Մսուրը նուէրն է Թրիվենեթօ նահանգի Վալսուկանայի քաղաքապետարանին, մինչ տօնածառը որուն բարձրութիւնը 26 մեթր է ու լայնութիւնը 70 սանթիմեթր նուէրն է Ասիակոյին։

Մսուրն ու տօնածառը իրարու միացած են 2018-ի հոկտեմբեր - նոյեմբեր ամիսներուն Թրիվենեթօ շրջանը հարուածած ու մեծ աւերներ յառաջացուած աղէտալի փոթորիկէն։

Մսուրին բացումը ու տօնածառին լուսաւորման արարողութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ 5 դեկտեմբերին ժամը 16.30-ին, գլխագրութեամբ Կարդինալ Ճուզեփփէ Պերթելլոյի եւ գերապայծառ Ֆերնանտօ Վերկէզ Ալծակայի՝ Վատիակնի Պետութեան նախագահն ու ընդհանուր քարտուղարը։

Նոյն օրը առաւօտեան վերոյիշեալ երկու քաղաքներէն ժամանած պատուիրակութիւնները առիթ կ՛ունենան հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։

Ամբողջութեամբ փայտէ շինուած Մսուրը կազմուած է 1.80 մեթր բարձրութիւն ունեցող 20-25 արձաններէ։ Եւ ի յիշատակ 2018-ի աղէտալի փոթորիկին, մսուրին մէջ զետեղուած են փոթորիկէն կործանուած ծառերու կտորներ։

Եղեւնիի ծառը որուն բարձրութիւնը  26 մեթր է պիտի զետեղուի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ անոր զարդարանքը յանձնուած է Վատիկանի Մարզպետարանի ենթակառուցուածքներու  և ծառայութիւններու վարչութեան.

Տօնածառն ու մսուրը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կը մնան մինչեւ 13 յունուար 2020 որ Լատինաց մօտ կը զուգադիպի մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի Սուրբ Մկրտութեան տօնին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/11/2019, 06:58