Աշխարհի մէջ հալածուած քրիստոնեաներու մասին տեղեկագիր Աշխարհի մէջ հալածուած քրիստոնեաներու մասին տեղեկագիր  

«Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն հիմնարկը կը շարունակէ պաշտպանել հալածուած քրիստոնեաները։

Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն հաստատութեան առաքելութիւնն է այնպէս ընել որ աշխարհը իր աչքերը չի փակէ հաւատքի մեր եղբայրներու տառապանքին դիմաց:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ուաշինկթընէն Սիտնէյ, Մանիլայէն Թորոնթօ, այս ամիսներուն, Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն քահանայապետական իրաւասութեամբ բարեսիրական հաստատութիւնը կը շարունակէ կարմիրով լուսաւորել կարեւոր կոթողներ, կառոյցներ ու եկեղեցիներ, բարձր պահելու համար աշխարհին ուշադրութիւնը հակաքրիստոնէական հալածանքներուն վրայ»։

Ունկնդրէ լուրը

Այս կը կարդանք տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն հիմնարկին հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ ուր նշուած է նաեւ թէ իրազեկման բարձրացումն ու տեղեկատուութիւնը, հիմնական մաս են Քահանայապետական Հիմնարկի գործունէութեան որ իր 23 մասնաճիւղերով կը շարունակէ ձեռնարկներ կազմակերպել հալածուած եկեղեցիներու վկաներուն հետ միասին, կարմիրով լուսաւորելով կարեւոր կառոյցներ, յիշատակելու եւ յիշեցնելու համար աշխարհի մէջ այսօր եւս հալածուած բոլոր քրիստոնեաները։

Այս ուղղութեամբ Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն հիմնարկը կը յայտարարէ թէ, նախորդ տարիներուն նման, այս շաբաթ Աւստրալիայի Սիտնէյ,  Պրիզան եւ Մելպուրն քաղաքներու աթոռանիստ եկեղեցիները կարմիով պիտի գունաւորուին ու նոյնը պիտի պատահի նաեւ Քանատայի ու Միացեալ նահանգներէն Մոնթրէալի, Թորոնթոյի, Ուաշինկթընի եւ Նիու Եորքի եկեղեցիներուն։

Մինչ Ֆիլիփինեան կղզեխումբին մէջ 2050 ժողովրդապետութիւններ ու այլ 68 թեմեր եւս իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հալածուած քրիստոնեաներու յիշատակին  նուիրուած արշաւին։

Կարմիր հետքով պիտի լուսաւորուին նաեւ Եւրոպական տարբեր երկիրներու եկեղեցիները որոնց շարքին Մեծ Պրիթանիայի 13 աթոռանիստ եկեղեցին ու 130 կառոյցներ ապա Փորթուկալի, Հոլանտայի, Աւստրիոյ, Չեքոսլովաքիայի,Սկովտիայի, Իռլանդայի եւ Հունգարիայի  50 է աւելի եկեղեցիներ։

«Մեր նպատակն է յաղթահարել անտարբերութիւնը, նախ եւ առաջ միջազգային անտարբերութիւնը» հաստատած է այս առթիւ տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն հիմնարկի տնօրէն Ալեսսանտրօ Մոնթետուրօ մէջբերելովՖրանչիսկոս պապին խօսքերը թէ «այսօր քրիստոնեայ նահատակներ աւելի են քան առաջին դարերու նահատակները»։

«Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն հաստատութեան առաքելութիւնն է այնպէս ընել որ աշխարհը իր աչքերը  չի փակէ հաւատքի մեր եղբայրներու տառապանքին դիմաց, որոնք յաճախ հալածուած են որովհետեւ հանրային հասկացողութեան մէջ մօտիկ են  Արեւմուտքին, այդ նոյն արեւմուտքը որ յաճախ կը նախընտրէ իր աչքերը սեւեռել այլուր չտեսնելու համար» հաստատած է միշտ տնօրէն Մոնթետուրոն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/11/2019, 10:53