Որոնել

Ամազոնէն առնուած լուսանկար Ամազոնէն առնուած լուսանկար 

Santa Maria in Traspontina եկեղեցւոյ մէջ աղօթք -հսկում Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած սինոդին դիտաւորութեամբ:

Աղօթք-հսկումին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ Ամազոնեան սինոդի մասնակցող եպիսկոպոսներ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ամազոնեան տարածաշրջանի նուիրուած եպիսկոպոսներուն սինոդին նախօրեակին, շաբաթ, 5 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7,30ին, Հռոմի Santa Maria in Traspontina, եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՝ունենայ աղօթք –հսկում,  աղօթելու Ամազոնեան տարածաշրջանին եպիսկոպոսներուն սինոդին համար:

Ունկնդրէ լուրը

Աղօթք – հսկումին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն եւ հոգեւոր երգերով պիտի խանդավառեն,  Իտալիայէն տարբեր քաղաքներէ ժամանած երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ  կարգ մը բնիկ ժողովուրդներու ղեկավարներ:

Աղօթք հսկում ծրագիրը նշան պիտի հանդիսանայ նաեւ Ամազոնեան տարածաշրջանին՝ հասարակաց տան կապուած, պաշտօնական գործունէութիւններուն սկիզբին:

Հսկումի իրենց մասնակցութիւն պիտի բերեն ամազոնեան սինոդի կարգ մը եպիսկոպոսներե  ինչպէս նաեւ Կարդինալ Փետրօ Ռիքարտօ Պառեթօ Ժիմենօ, Արքեպիսկոպոսը Հուանքայօ թեմին եւ փոխ նախագահը Համ-Ամազոնեան ցանցին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/10/2019, 11:24