Որոնել

Սուրբ Մարկոս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին: Սուրբ Մարկոս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին: 

Միացեալ Նահանգներու մէջ նշուեցաւ Սուրբ Մարկոս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 95 ամեակը:

Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 95 ամեակի առթիւ, Սուրբ Պատարագ մատուցեց Արեւմտեան Ամերիկայի եւ Քանատայի Հայ Կաթողիկէներուն առաջնորդ Արհիապատիւ Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուարատեան:

Կիրակի 20 հոկտեմբեր, 2019-ին, Միացեալ Նահանգներու Ֆիլատելֆիա քաղաքի մէջ հանդիսաւոր եւ փառաւոր կերպով նշուեցաւ Սուրբ Մարկոս՝ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 95 ամեակը:

Ունկնդրէ լուրը

Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 95 ամեակի առթիւ, Սուրբ Պատարագ մատուցեց Արեւմտեան Ամերիկայի եւ Քանատայի Հայ Կաթողիկէներուն առաջնորդ Արհիապատիւ Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուարատեանը:

Յաւարտ սուրբ պատարագին հաւատացեալները մասնակցեցան այս առթիւ սարքուած գեղեցիկ եւ փառաւոր ճաշկերոյթին:

Նշենք, թէ Սուրբ Մարկոս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին կը նկատուի Միացեալ նահանգներուն մէջ հիմնուած առաջին հայ Կաթողիկէ եկեղեցիներէն մին , հիմնուած 95 տարի առաջ ձեռամբ Գերապայծառ Ստեփան Ստեփանեանի: 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2019, 09:56