Որոնել

Սուրբ Երկրի մէջ Յիսուսի Մկրտութեան վայրը Սուրբ Երկրի մէջ Յիսուսի Մկրտութեան վայրը 

Սուրբ Երկիր. 2020 Յունուարէն՝ Յիսուսի Մկրտութեան վայրը դարձեալ պիտի հիւրընկալէ այցելուները։

Հայր Փաթթոն մատնանշած է որ այդ յատկանշական վայրին մէջ պատարագ մատուցելը կը նկանակէ վերահաստատել աւանդութեան շարանը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Յառաջիկայ 2020 յունուարին կ՛ուզենք այստեղ ընկալել ուխտաւորները Յիսուսին Սուրբ Մկրտութեան տօնը տօնելու համար։ Այսպէսով 50 տարիներ ետք այս վայրը, որ եղած է ականուած դաշտ, պիտի դառնայ աղօթքի, խաղաղութեան եւ ուխտաւորներու համախմբումի վայր»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Սուրբ Երկրի Պահակ՝ Հայր Ֆրանչեսքօ Փաթթոն, որ այս օրերուն,  Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի տօնին առթիւ ու Սուրբ Ֆրանչիսկոսի  եւ Սուլթան Ալ Մալիքի միջեւ պատմական հանդիպումի 800 ամեակի նշման արարողութիւններու ծիրէն ներս, իր մօտ  հիւրընկալած էր  Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը՝ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին, որուն հետ միասին այցելած է Յիսուսի Սուրբ Մկրտութեան սրբավայրը, որ 1967-ի պատերազմի օրերէն ի վեր ականուած դաշտ դարձած էր ու երկար տարիներու ականազերծման աշխատանքէն ետք, դարձեալ պիտի բացուի այցելուներու առջեւ։

Ունկնդրէ լուրը

Հայր Փաթթոն մատնանշած է որ այդ յատկանշական վայրին մէջ պատարագ մատուցելը կը նշանակէ վերահաստատել աւանդութեան շարանը։ «Աս տարիներուն մենք այլուր տօնախմբեցինք  Յիսուսի Սուրբ Մկրտութեան տօնը ու վերադառնալ այն վայրը ուր ժամանակի ընթացքին ուխտաւորները կը հիւրընկալուէին Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան անդամներէն, մեզի համար այլ քայլ մըն է մեզի յանձնուած առաքելութեան ծիրէն ներս։ «Առաքելութիւն մը որ չի կայանար միայն պահպանելով սրբավայրերը  այլ նաեւ զանոնք ձեռք բերելով, վերակառուցելով ու զանոնք դարձեալ մատչելի դարձնելով» հաստատած է Սուրբ Երկրի Պահակը։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/10/2019, 09:35