Սիւնհոդոսական նիստ Սիւնհոդոսական նիստ 

Ամազոնեան Տարածաշրջանին նուիրուած սիւնհոդոսը թիւերով։

Սոյն արտակարգ սիւնհոդոսին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 185 սիւնհոդոսական հայրեր:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 7 հոկտեմբեր 2019-ին Վատիկանի մէջ ընթացք առած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը որուն բնաբանն է «Ամազոնիա. Նոր ուղիներ եկեղեցւոյ ու համապարփակ բնապահպանութեան համար» յայտարարուած էր նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ անցեալ 15 հոկտեմբեր 2017-ին, որպէս հիմնական նպատակ ունենալով, ինչպէս հաստատած էր Քահանայապետը, «որոնել աւետարանութեան նոր ուղիներ, ամազոնեան տարածաշրջանի Աստուծոյ ժողովուրդին համար, ու յատկապէս բնիկներուն համար, որոնք յաճախ մոռցուած են եւ զուրկ են ապագայի  հեռանկարէ, նաեւ Ամազոնեան Անտառներու տագնապին բերումով, որ մեր մոլորակի համար գերակայ նշանակութիւն ունեցող թոք մը»

Սոյն արտակարգ սիւնհոդոսին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 185 սիւնհոդոսական հայրեր, որոնց շարքին սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարի նորանշանակ տեղապահ՝  Գերապայծառ Մարիօ Կրէքը, մինչ անոնցմէ  113ն կը ներկայացնեն Ամազոնեան տարածաշրջանի եկեղեցիները։

185 սիւնհոդոսական հայրերու շարքին կան  28 կարդինալներ, 29 Արքեպիսկոպոս, 63 թեմական եպիսկոպոս, 7 օգնական եպիսկոպոս, 27 առաքելական փոխանորդներ ու 10 գերապայծառներ ապա 21 թեմական քահանայ ու կրօնաւորներ։

Անոնց հետ միասին նիստերուն կը մասնակցին Քահանայապետական անուանումով  բոլոր ցամաքամասերը ներկայացնող 33 անդամներ ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցիներն ու համայնքները ներկայացնող 6 պատուիրակներ։ Ապա կան 12 յատուկ պատգամաւորներ որոնք ընտրուած են իրենց գիտական հմտութիւններու բերումով կամ իրենց մարդկայնական օգնութիւններու ու բնապահպանութեան խնամքի ուղիով տարած գործունէութեան համար։  Ասոնց կից կան 25 մասնագէտները՝  որոնք ուղղակիօրէն պիտի համագործակցին  Սիւնհոդոսի Յատուկ Քարտուղարներուն հետ, ապա 55 դէտեր որոնց միջեւ շատերը եկած են համա-ամազոնեան տարածաշրջանէն եւ որոնց շարքին են Ամազոնեան տարածաշրջանի բնիկ ժողովուրդը ներկայացնող 16 ներկայացուցիչներ։ Սիւնհոդոսի մասնակցողներուն թիւը կը լրանայ Միաբանութիւններու Ընդհանուր մեծաւորուհիներու միջազգային միութեան անդամ 10 կրօնաւորուհիներով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/10/2019, 12:04