Որոնել

Յիուս առաքեալներուն հետ Յիուս առաքեալներուն հետ 

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը:

«Երանի այն ծառաներուն, զորս Տէրը իր հասնելուն՝ իրենց արթուն պիտի գտնէ»

«Եղէ՛ք միշտ պատրաստ, գօտիները կապուած մէջքին եւ ճրագները վառուած։ Նմանեցէք մարդոց՝ որոնք կը սպասեն իրենց տիրոջ, թէ ե՞րբ կը վերադառնայ հարսանիքէն, որպէս զի հազիւ հասնի եւ դուռը բախէ՝ իսկոյն բանան անոր։ Երանի՜ այն ծառաներուն, եթէ տէրը վերադարձին արթուն գտնէ զանոնք։ Ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի, ինք գօտի պիտի կապէ, պիտի բազմեցնէ զանոնք սեղան եւ պիտի ծառայէ անոնց։ Դեռ աւելի երանի՜անոնց, եթէ տէրը գայ երկրորդ կամ երրորդ ժամուն եւ այնպէս պատրաստ գտնէ զանոնք»։ (Ղուկաս 12․ 35-38)։
Տէր Յիսուս, այս առաւօտուն, դուն իմ սրտիս դուռը կը զարնես, կ՛ուզես ինծի խօսիլ, ինծի մխիթարել, ինծի զօրացնել։ Օգնէ ինծի լայն բանալու Քեզի որպէսզի ամէն տեղ մտնես, նոյնիսկ Քեզի տալու բանալին՝ իմ ամենախոր բաղձանքներուս, մտածմունքներուս։ Տէ՛ր, եկուր ինծի Քու սիրովդ լեցուր։ Սուրբ Կոյս Մարիամ, այս աղօթքի պահուն Քեզի կը վստահիմ։Տէր Յիսուս, իմ յոյսս մեծցուր։

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Այսօրուայ Աւետարանին մէջ, Քրիստոս իր առաքեալներուն կը հրաւիրէ զգուշութեան, հսկողութեան եւ արթնութեան։ Առաքեալներուն համար արթուն մնալու հրաւէրը նորութիւն մը չէ։ Այս՝ իրենց կը յիշեցնէ այն գիշերուայ նախօրեակին, որուն ընթացքին իրենց նախահայրերը կոտորածէն կը խուսափին եւ վերջապէս Փարաւոնէն արտօնութիւնը կը ստանան Եգիպտոսէն դուրս ելլել։ Անոնք նաեւ կը մտածեն մարգարէութիւններուն զորս կը հրաւիրեն զգուշութեան, հսկողութեան եւ արթնութեան, ինչպէս Նաում մարգարէն․ «Պատնէշին վրայ ելիր, ճանապարհը հսկէ, մէջքդ գօտեպնդէ, ամբողջ ոյժերդ հաւաքէ» (Նաում 2․ 2)։

Անկէ զատ, առօրեայ կեանքը իրենց կը սորվեցնէ արթնութեան ու զգուշութեան կարեւորութիւնը, ըլլայ անիկա Գալիլիոյ լճին վրայ ձկնորսութիւն ընել, եւ կամ խուսափելու համար ճանապարհի աւազակներէն իրենց ճամբորդութեան ընթացքին, եւ ինչպէս նաեւ փարիսեցիներու սպառնալիքներէն խուսափելու համար։ Անոնք գիտեն ինչ որ Յիսուս կ՛ուզէ ըսել լամբարին եւ գօտին մէջքին ամրապնդուելու մասին խօսելով, որ եւ պէտք է թոյլատրէ արագ կերպով ճամբայ ելլել նոյնիսկ կէս գիշերին։ Այնուամենայնիւ, զգօնութիւնն ու զգուշութիւնը զորս Տէրը կը խօսի, պարզ հարց մը չէ, պարզ խնդիր չէ մարդկային խոհեմութեան։ Խօսքը միայն վտանգէն խուսափելու մասին չէ։ Յիսուս ի՞նչ նկատի ունի արթուն մնալու կամ զգօն ըլլալու հրաւէրով։ Ի՞նչ պէտք է որ սպասեմ: Ի՞նչ բանի համար պէտք է որ պատրաստուիմ:

Այս հարցը մէկ այլ կերպով կոչ կ՛ուղղէ, ինչպէս Քրիստոս կրնայ այսքան պահանջկոտ ըլլալ։ ինչպէ՞ս կրնայ ինձմէ խնդրել միշտ արթուն մնալ, զգօն մնալ, առանց մէկ վայրկեան հանգստանալու: Արդեօք չե՞մ կրնար պահ մը կանգ առնել իմ հաւատքի եւ իմ հոգեւոր կեանքիս և սրբութեան որոնման մէջ: Արդեօք պէ՞տք է որ առանց հանգիստի զգօն ըլլամ, կամ առանց անձկութեան մէջ ըլլալէ։ Եթէ ինձ համար անմարդկային կը թուի, կը նշանակէ, որ ես չեմ հասկցած Քրիստոսի խօսքերուն բանալին զգօնութեան մասին: Այս բանալին՝ տէրն է։ Ի յարկէ, ամբողջ կեանքը սպասել է, բայց այն, ինչ ես կ՛ակնկալեմ, սպառնալիք չէ կամ վտանգ չէ, բայց այդ՝ տիրոջ անձն է: Սպասումը չի կայանար վախնալով, ինչպէս նաեւ չի կայանար դողալով եւ ոչ ալ ձախողման գաղափարով, այլ ՝ ընդհակառակը, աւելի ու աւելի ուրախանալ երկնային տիրոջ մօտալուտ գալուստով: Իմ Կեանքը երկնայինին համար սպասում մըն է։ Ինչքան տիրոջ կը մօտենամ, աւելի կը ցանկամ, իմ սպասումս աւելի յոյսի կը վերածուի։ Ահա թէ ինչ բանի կը վերաբերի զգօնութիւնը: Արթուն ըլլալ կամ զգօն ըլլալ կը նշանակէ Քրիստոսի գալուստին նախապատրաստուիլ:

Բայց Քրիստոսի խoսքերուն մէջ հետաքրքիր մանրամասնութիւն մը կայ. այս սպասումին մէջ, ես չեմ որ տիրոջ կը մօտենամ, այլ ինքն է ճամբուն վրայ որ դէպի ինձ կը մօտենայ։ Ինքը չէ որ ինծի համար պիտի բանայ դուռը, բայց ես եմ որ կը սպասեմ իրեն համար բանալու։ Ինչպէս Յայտնութեան գրքին մէջ կ՛ըսէ․ «Ահաւասիկ դրան առջեւ եմ ու կը բախեմ, եթէ մէկը լսէ ձայնս ու բանայ դուռը, պիտի մտնեմ տունը՝ անոր հետ ընթրելու․ ես անոր հետ եւ ան՝ ինծի հետ» (Յայտն․ 3․ 20)։ Ուրիշ խօսքով,երկինքը, Քրիստոսն է որ կը մտնէ իմ մօտս։ Արթուն մնալ կամ զգօն ըլլալ, կը նշանակէ, որ անոր սիրոյն՝ անհամբերութեամբ կը սպասենք, այդ կը նշանակէ, որ պէտք է ուշադիր ըլլալ անոր ձայնին, իրեն աղաչել որքան որ հնարաւոր է՝ արագ գալ, լսել իր ոտքերուն ձայնին, որ կը մօտենան իմ դռան եւ գալու ժամուն, իրեն առջեւ լայն բանալ։

Տէր, յաճախ, ես անընդհատ կեանքս կ՛անցնեմ առանց գիտակցութեամբ, անորոշ կերպով կը ցանկամ երջանկութիւն կամ վախնալ անճիշդ վտանգը: Կը խնդրեմ, որ դուն ըլլաս որուն կը սպասեմ, որ դուն ըլլաս որուն կը ցանկամ։ Սուրբ Կոյս Մարիամ, իմ յոյսս մեծցուր։
Այսօր Տիրոջմէն կը խնդրեմ բազմիցս ամբողջ օրուայ ընթացքին որպէսզի իմ յոյսս մեծցնես։

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/10/2019, 14:37