Վանի Եկեղեցին Վանի Եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:

Միջին Չափաւորութիւնը

 Ամէն ինչին չափաւորը լաւ է: Ահա այն թանկագին եւ լաւ խրատներէն մէկը, զոր որքան սիրով ու գուրգուրանքով իրարու կը նուիրենք: Շատեր այս խրատին ձրի ըլլալը շատ կը սիրեն եւ ըստ այնմ ալ կ՛առատաձեռնեն: Ընդհանրապէս խրատները կը սիրենք առատութեամբ բաշխել, մանաւանդ երբ այնպէս թուի, որ մեզի հետ կապ չունին անոնք: Սակայն, բոլոր խրատներն ալ այսօր կամ վաղը մեզի ալ պէտք պիտի ըլլան, որովհետեւ ֆիզիքապէս ապրած մեր կեանքին համար բոլոր խրատներն ալ անհրաժեշտ են, իսկ հանդերձեալին համար Աստուածաշունչին միջոցաւ տրուածները՝ վախճանաբանական բնոյթ ունին եւ դարձեալ անհրաժեշտ են:

Ունկնդրէ լուրը

Ֆիզիքական մեր կեանքը կը յատկանշուի նաեւ ցաւերով: Մտային կամ հոգեկան ցաւերէն աւելի իրական եւ «շօշափելի» են ֆիզիքական ցաւերը: Հիւանդութիւններ կամ ֆիզիքական անհանգստութիւններ յաճախ պատճառ կը հանդիսանան, որ խրատները շրջանառութեան դրուին: Նոյն հիւանդութեամբ տառապածներ կամ տառապողներ առնուազն իրենց փորձառութիւնը համեստօրէն կը բաժնեն, տառապողին ներկայացնելով գէթ այն դրութիւնը, որուն մատնուած էին իրենց հիւանդութեան օրերուն: Սակայն անոնք, որոնք նման հիւանդութիւն չեն ունեցած, հիւանդին շատ աւելի խրատ կու տան, քան անոր անձնական բժիշկը: Այս խրատներուն մէջէն ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն գտածը չափաւորութեան մասին տրուած խրատն է: Սոյն խրատը հեղինակաւոր շեշտով տուողները այնպէս կը ձեւացնեն, որ իրենք ճիշդ այդ չափաւորութիւնը իրենց կեանքին մէջ կիրարկողներն են: Մինչդեռ, հաւանաբար անոնք նոյնիսկ գաղափար իսկ չունին տուեալ հիւանդութենէն ձերբազատուելու միջոցներուն մասին եւ պարզապէս խրատ մը տալու համար, կ՛ընտրեն չափաւորութիւն թելադրելու տարբերակը:

Մոլութիւնները դէպի հիւանդութիւն եւ նոյնիսկ մինչեւ մահ առաջնորդող մութ ճանապարհներ են, ուրկէ մարդիկ հաճոյքով կ՛անցնին երբեմն: Բոլորիս ալ յայտնի է, որ մութ վայրերու մէջ քալողներ կը խարխափեն, բանի մը չզարնուելու համար: Սակայն մոլութիւններու մէջ ինկած մարդիկ այնքան հանգիստ կ՛անցնին մթութեան մէջէն, այնքան ինքնավստահ քայլերով, որ նոյնիսկ իրենց ձեռքերը առջեւ մեկնելով ճանապարհին անվտանգ ըլլալը ստուգելու կարիքը չեն զգար…

Եկեղեցին եօթ մոլութիւններ կը նշէ իր «Մեղայ« (մեղանչեցի) վերտառութեամբ բնագիրին մէջ, սակայն այնտեղ նշուածները խտացումն են անհաշիւ մեղքերու, որոնց վերնագիրները միայն կարելի է համարել այդ եօթն: Օրինակ այնտեղ նշուած «նախանձ»ը եթէ միայն իր սահմաններուն մէջ մնայ, ինքնակործան կը դառնայ: Այսինքն նախանձողը ինք իր անձին միայն կը վնասէ, ներքնապէս տառապելով: Սակայն նախանձը ուրիշ շատ մեղքերու կ՛առաջնորդէ: Ատիկա մինչեւ իսկ կրնայ սպանութիւն կատարելու խորհուրդ տալ նախանձողին եւ անոր ձեռքով ալ իրագործել ոճիրը:

Մոլութիւններու շարքին եթէ յիշուած չէ՛ ծխախոտի գործածութիւնը, այդ չի՛ նշանակեր թէ ծխելը մեղք չէ՛: Նախ պէտք է սահմանել մեղք հասկացութիւնը կամ գաղափարը: Մեղքը Աստուծոյ, մեր նմանին եւ մեր անձին դէմ գործուած յանցանքն է: Երբեք արդարանալի չէ՛ այն առարկութիւնը, թէ անհատը ազատ է իր անձին հետ վարուելու ի՛ր ուզած ձեւով: Ո՛չ: Քրիստոնէական կրօնքը չի՛ թոյլատրեր նման վերաբերում, որովհետեւ ըստ Նոր Կտակարանի ուսուցման, մեր մարմինները տաճար են Սուրբ Հոգիին: Ուրեմն, մեր ուզած վերաբերումը չենք կրնար ցուցաբերել մեր մարմինին նկատմամբ, նոյնիսկ եթէ անիկա մեր «սեփականութիւն»ը համարենք: Ընդհակառակը, պէտք է այնպէս վարուիլ անոր հետ, որ աւելի բիւրեղանայ ու կատարելագործուի, իսկական բնակարանը դառնալով Սուրբ Հոգիին: Չափաւորութեան մէջ կ՛երեւի նաեւ ներդաշնակութիւն: Չափաւորութեամբ կեանքը կը դառնայ գեղեցիկ, օրէնքը՝ ազդու, սէրը՝ անկեղծ, յարգանքը՝ փոխադարձ եւ ի վերջոյ հաճոյքը՝ վայելք: Ուրեմն այս գեղեցիկ երեւոյթը՝ չափաւորութիւնը, կարելի է կոչել կեանքի կշիռքը, որ գիտէ սահմանագծումներ դնել առանց որեւէ մէկուն ինքզինք պարտադրելու, գիտէ օրէնք հաստատել առանց բռնութեան եւ մանաւանդ իր ներկայութիւնը փաստել ամենայն ազնուութեամբ:

 «Չափաւորութիւնը թէ՛ բարեկամիդ եւ թէ թշնամիիդ համար լաւ է»:

Չափաւորութիւնը կեանքի համն է նաեւ: Ամէնէն մտերիմ անձիդ հետ նոյնիսկ եթէ չգիտնաս չափաւորութիւն պահել, օր մը չափաւորութիւնը ի՛նք պիտի ծանօթացնէ ինքզինք քեզի, ծիծաղելով անցեալին կատարած յիմարութիւններուդ վրայ, իսկ միւս կողմէ իր բարի խորհուրդներով քեզի ուղեկցելու առաջարկ ներկայացնելով

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/10/2019, 08:19