Որոնել

Աղթամարի եկեղեցին Աղթամարի եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ

Երբեմն Պարտուէ՛

Պարտութիւնը բնա՛ւ ընդունելի չէ, ու չկայ մէկը, որ հաշտուի պարտութեան գաղափարին հետ: Կարելի՞ է որ աշխարհի որեւէ մէկ երկիրը ընդունի պարտուիլ, նախքան պատերազմի մտնելը: Առնուազն իւրաքանչիւր երկիր բարոյական նեցուկ կը դառնայ իր ժողովուրդին, թէ՛ պատերազմի նախօրեակին եւ թէ ընթացքին, հոգեկան կորով ներշնչելով անոր: Միւս կողմէ, ան այնպիսի քաջալերանք կու տայ իր բանակին, որ անոր իւրաքանչիւր զինուորը անպարտելի նկատէ իր անձը:

/content/dam/vaticannews/pam/audio/agenzie/netia/2019/10/08/12/hay-yekeghetsi-u-yeridassart-x-martedi-8-otto-135272455.mp3

Անհատական մակարդակի վրայ, որեւէ հարցի պարագային պարտուած դուրս չգալու կարեւորութիւնը, մինչեւ իսկ արժանապատուութեան աստիճանին կը բարձրացուի: Մարդու հոգիի ամէնէն բարձր աշտարակին վրայ թառած «Ես»ի արծիւը, բնաւ թոյլ չի՛ տար, որ իրմէ աւելի վերէն ճախրող թռչնազգի գտնուի երկնակամարի կապոյտին տակ: Այդ իսկ պատճառաւ, նոյնիսկ պարտուած մարդու հոգեկան աշխարհին մէջ որոշ երեւոյթներ ի յայտ կու գան: Ատոնց գլխաւորը ոխն է:
Ոխը առհասարակ կը յաջորդէ պարտութեան, մէկուն կրած վնասին, կամ միւսին՝ տուժած ըլլալուն: Ոխը պատճառ կը դառնայ նոր չարիքի գոյառման, որուն հետեւանքով նոր տուժողներ յառաջ պիտի գան: Ոխը պարտութեան վատ ընկերն է, որ շուտով կը մօտենայ պարտուած մարդուն, չար խորհրդատու դառնալով անոր ականջին տակ:
Մանկավարժական ներկայ կերպերը, նոր մօտեցումներով դաստիարակել կը թելադրեն մատղաշ սերունդը, ինքնավստահութիւն ներշնչելու համար անոր, ապագայ կեանքի մէջ յաջողութեան հասնելու ի խնդիր: Մանկական հասակէն երեխաներուն միջեւ մրցոյթներու կազմակերպումը, յաղթական դուրս եկողը գնահատելու սովորութիւնը եւ այլ մրցանակաբաշխումներ, կը միտին մրցակցութեան ոգին քաջալերել նոր սերունդին մէջ, ազգերու, ժողովուրդներու եւ առհասարակ աշխարհի յառաջդիմութիւնը ապահովելու համար: Հաւանաբար աշխարհ այսքան յառաջդիմած պիտի չըլլար, եթէ կրթօճախներու մէջ մանկավարժութիւնը այսքան զարգացում արձանագրած չըլլար:
Պարտութեան գաղափարին անընդունելի ըլլալուն մասին եթէ ծանօթութիւն ուզէ ունենալ մարդ, պէտք է դիտէ մանուկներու համար կազմակերպուած մրցակցութեան արդիւնքները:
Մանկավարժներ կը թելադրեն, որ մանուկներու հետ խաղացող չափահասներ երբեմն-երբեմն դիտումնաւոր պարտութիւններ կրեն:

Կեանքի մէջ ալ պատկերը տարբեր չէ՛: Պարտութիւններ անպայման պիտի գան: Ամէն մարդ, ամէն օր յաղթական չի՛ կրնար ըլլալ: Կամաւորաբար կրուած պարտութիւնը աւելի՛ քան յաղթանակ է, որովհետեւ այնպիսի զիջում է, որ համազօր է վեհանձնութեան:

Պարտուէ՛ երբեմն, որպէսզի օգտուիս պարտութեան ընձեռած բարիքներէն ու նոր յաջողութիւններու համար բացուած առիթներէն: Պարտութիւնը խորքին մէջ լա՜յն դուռ է դիմացդ բացուած, որուն մուտքի բաժինը կրնայ այնքան ալ տպաւորիչ ու լուսաւոր չըլլալ, սակայն ներսի սրահներն ու սենեակները լաւ կահաւորուած են, իսկ ամէնէն կարեւորը, անոնք ունին բարձրադիր ու շատ լուսաւոր պատուհաններ եւ յոյսի պայծառ դռներ:
Փոխյարաբերական կեանքի համար անհրաժեշտ բարոյականը, մանուկներուն հետ խաղի ընթացքին դիտումնաւոր պարտութիւն կրելը չէ՛ միայն, այլ մեր հասակակիցներուն հետ ապրած մեր կեանքի ընթացքին եւս մեր կրելիք դիտումնաւոր պարտութիւնները: «Գիտակցուած պարտութիւն» կարելի է կոչել այս, որուն արդիւնքը, գուցէ հեռաւոր ապագային, մի՛շտ յաղթանակ է: Երբեմն պարտուէ՛, բայց ի վերջոյ պիտի յաղթես:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/10/2019, 08:31