Որոնել

Խաղաղութեան աղօթք Գամիշլիի Սուրբ Յակոբ Եկեղեցւոյ մէջ։ Խաղաղութեան աղօթք Գամիշլիի Սուրբ Յակոբ Եկեղեցւոյ մէջ։ 

Խաղաղութեան աղօթք Գամիշլիի Սուրբ Յակոբ Եկեղեցւոյ մէջ։

Յընթացս պատարագին աղօթք բարձրացաւ առ բարձրեալն Աստուած Ճեզիրէի եւ ամբողջ Սուրիոյ խաղաղութեան համար

Կիրակի, 13 Հոկտեմբեր 2019-ի առաւօտուն Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղցւոյ մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Սրբոց թարգմանչաց տօնին առիթով, նախագահութեամբ Ճեզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Լեւոն Աբղ. Եղիայեանի։

Ունկնդրէ լուրը

Օրուան պատարագիչն էր Արժ. Տէր Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան։

Յընթացս պատարագին, ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը դպրաց դասին հետ միասնաբար իր աղօթքը բարձրացուց ի բարձրեալն Աստուած Ճեզիրէի եւ ամբողջ Սուրիոյ խաղաղութեան համար։

Նոյն օրը միջօրէի ժամը 1։00-ին, Գամիշլիի գլխաւոր թաղամասին մէջ, հոգեշնորհ հայր սուրբը, ազգայիններու ընկերակցութեամբ, իր մասնակցութիւնը բերաւ թրքական բարբարոսական ներխուժման դէմ բողոքի հաւաքին։ Հաւաքուած բազմութիւնը ողջունեց սուրիական բանակին մուտքը Սուրիոյ հիւսիւսարեւելեան շրջաններ։

Քաղուած  «Եռագոյն» էն 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/10/2019, 08:50