Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը 

Լեհաստանի մէջ սկիզբ առին Վոյթիլա Պապին ծննդեան 100 ամեակի նուիրուած հանդիսութիւնները:

Սուրբին նուիրուած օրուան նպատակն է հանրութեան ծանօթացնել Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի սրբակեաց կեանքն ու սէրը՝ ըլլայ եկեղեցւոյ, ըլլայ Սուրբ Կոյս Մարիամին հանդէպ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լեհաստանի եկեղեցին անցեալ կիրակի օր հանդիսաւոր կերպով  նշեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին նուիրուած տարեկան ազգային օրը,  ունենալով որպէս բնաբան «Ոտքի կանգնիք եւ քալենք :

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Պապին նուիրուած ազգային օրը, 19  տարիներէ ի վեր կը կազմակերպէ Լեհաստանի եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասի՝« նոր հազարամեակի աշխատանք » հիմնարկը, որուն գլխաւոր բարեսիրական գործունէութիւնները ուղղուած են  ընկերութեան եզրին գտնուող ձիրքերով օժտուած երիտասարդներուն, ֆինանսաւորելով անոնց  ուսումները:   

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին նուիրուած օրուան առթիւ կազմակերպուած ձեռնակներուն շարքին, Սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ Վարսաւիոյ Աստուածային նախախնամութեան  եկեղեցւոյ մէջ ՝ ձեռամբ Կարդինալ Քազիմերզ Նիչցիին: Ան այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ ծիրանաւորը նկատել տուած է, որ Սուրբին նուիրուած օրուան նպատակն  է հանրութեան ծանօթացնել Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի սրբակեաց կեանքն ու սէրը՝ ըլլայ եկեղեցւոյ, ըլլայ Սուրբ Կոյս Մարիամին հանդէպ:

Նշենք թէ, 13 հոկտեմբերին Պապին նուիրուած ազգային օրը,  բացումը կատարուեցաւ նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի ծննդեան յոբելենական 100 ամեակի նուիրուած հանդիսութիւններուն: Սուրբ Պապը  ծնած էր  18 մայիս 1920-ին:

«Նոր հազարամեակի աշխատանք» հիմնարկի նախագահ հայր Տարիսուս Քովալչէք այս առթիւ արտասանած խօսքերուն մէջ բարձր գնահատելով Սուրբ Յովհաննէս Չ Պապը ըսած է « Իրեն  կը պարտինք մեր հայրենիքին մէջ իրականացուած փոփոխութիւններուն մեծ մասը: Անոր քաջութիւնը , իմաստութիւնը, հոգիի զօրութիւնը մեզ օգնեց Լեհաստանը փոխելու:

Յայտնենք նաեւ վերոնշեալ հիմնարկը հիմնուած է 2000 թուականին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին Լեհաստան կատարած առաքելական այցելութենէն ետք:

Հիմնարկը ճանչցուած է ոչ միայն ՅՊԲ պապին ազգային օրը կազմակերպելու համար այլեւԹոթուս Թուուս՝ բնաբանով  մրցանակաբաշխումին համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/10/2019, 12:21