Որոնել

Կիրակնօրեայ Աւետարան Կիրակնօրեայ Աւետարան 

Կիրակի 13 Հոկտեմբեր 2019 - 5-րդ կիրակի Սուրբ Խաչին

Այրի կնոջ լումային արժէքը (Մարկոս 12, 35-44)

Նստած տաճարի գանձանակին դիմաց, Յիսուս կը նկատէ միայն այրի կնոջ նուիրատուութիւնը, մինչ մարդիկ կ՛արհամարհեն զայն։ Կը տեսնենք ահա մեր Տիրոջ մէջ` յատուկ ուշադրութիւն կարգ մը մարդոց հանդէպ, մանաւանդ տկար եւ աղքատ անձերու նկատմամբ, որոնք ոչ իսկ արժանի են հասարակութեան գնահատանքին։

Եթէ մեր նպատակը բարի է, եթէ մենք նուիրենք Աստուծոյ մեր սրտէն բխած նոյնիսկ ամենաջնջին պարգեւը, Տէրը կը նկատէ զայն եւ կը վարձատրէ, նոյնիսկ եթէ ծածուկ կերպով կը կատարենք զայն, առանց փող հնչեցնելու եւ կամ ամէն կողմ արձագանգելու։ Դաս մըն է որ Յիսուս կու տայ իր առաքեալներուն, սակայն մինչեւ այսօր տակաւին առաքեալներու յաջորդները միշտ իրենց նախընտրանքը կը տածեն հանդէպ անոնց` որոնք մեծ գումարներ կը նուիրեն եկեղեցւոյ եւ համարեայ կ՛անտեսեն աղքատներու տուած ջնջին լումաները։

Մեծ բարերարները հաշիւ կ՛ընեն տալէ առաջ, թէ որքան կրնան հանել իրենց գրպանէն, առանց որ իրենց հարստութիւնը վտանգի ենթարկուի։ Այսօրուայ այրին, կու տայ առանց հաշիւի, իր ամբողջ ունեցածը, հաւանաբար ինքզինք զրկելով իր առօրեայ ճաշէն։ Այն որ կու տայ առանց հաշիւի, անոր տուածին արժէքը ոչ թէ կը կրկնապատուի այլ կը հարիւրապատկուի: Դժուար է զայն իրագործել, բայց գէթ կրնանք ջանք թափել ըլլալու առատաձեռն եւ մանաւանդ բոլոր սրտով տալու։

            Այս դրուագին մէջ` Յիսուս կու տայ նաեւ ուրիշ կարեւոր խրատ մը, որ է` չդատել մարդիկը արտաքին երեւոյթներէն։ Այսօր` ամէնքս ալ տարուած ենք արտաքինէն, մասնաւորապէս այն ամէն ինչէն որ կը հրատարակուի եւ կը հրապարակուի թերթերու մէջ, կամ աւելի ճիշդը, համացանցով, զանազան մետիաներու մէջ, այն աստիճանի որ մեր դատողութիւնը կը կերպաւորուի ուրիշներու որոշած չափանիշերով եւ անոնց ազդեցութեան ներքեւ, կը պարտադրուինք առնելու այնպիսի որոշումներ, որոնք մեր սկզբունքներուն եւ խղճին հակառակ են։

Շատ կարեւոր է եւ էական մեզի համար` գիտնալ ամփոփուիլ եւ լրջօրէն մտածել մեր առնելիք որոշումներուն մասին, ինչպէս նաեւ անոնց հետեւանքներուն վրայ, որպէսզի չգործենք սխալներ որոնց համար ապագային պիտի զղջանք դառնապէս։ Որեւէ դատողութիւն առնելէ առաջ` յիշենք Քրիստոսի պատուէրը. Ընկերոջդ աչքին շիւղը հանելէ առաջ` ջանայ հանել քու աչքիդ մէջ եղող գերանը, ինչպէս նաեւ իր օրինակը` մասնաւորապէս շնացող կնոջ նկատմամբ. Այն որ որեւէ յանցանք չունի, թող առաջին քարը նետէ։

Յիսուս մեզ կը զգուշացնէ այսօր մասնաւորապէս կեղծաւորներէն, անոնցմէ որ կը սիրեն յարգուիլ հասարակութենէն եւ պատիւներ ընդունիլ, անոնք որ առաջին տեղերը կը ջանան գրաւել ամենուրեք եւ ոչ միայն կ՛անտեսեն աղքատներն ու այրիները, այլ նոյնիսկ անոնց ինչքերը կ՛ուտեն առանց ամչնալու։

Հոս Յիսուսի զայրոյթը սոսկալի է, զանոնք արդէն շատ խիստ դատապարտու-թեան կ՛ենթարկէ։ Կարելի չէ Յիսուսի վարդապետութեան հետեւիլ եւ անտեսել իր խրատները խոնարհութեան, ողջմտութեան եւ առատաձեռնութեան։ Մենք եւս, որպէս իսկական հաւատացեալներ Յիսուս­Քրիստոսի, հետեւինք իր խրատներուն, չդատելով մեր շուրջինները, յարգելով ու գնահատելով զանոնք եւ մասնաւորապէս կատարելով մեր նուիրատուութիւնները առանց աղմուկի եւ բոլոր սրտանց։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/10/2019, 10:03