Հռոմի Սուրբ Յովհաննէսի Լատերանեան եկեղեցին: Հռոմի Սուրբ Յովհաննէսի Լատերանեան եկեղեցին:  

Հռոմի թեմը յատուկ մրցանակով մը պիտի պատուէ կարգ մը միսիոնարներ:

Մրցանակի բաշխումը տեղի պիտի ունենայ միսիոներականութեան նուիրուած հոկտեմբեր ամսուան ծիրէն ներս:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապ հոկտեմբեր ամիսը հռչակեց Միսիոներական արտակարգ ամիս: Այս ծիրէն ներս Կաթողիկէ եկեղեցին աշխարհի տարբեր թեմերէն ներս նախաձեռնած են տարբեր ծրագիրնե, նուիրուած միսիոներութեան եւ աշխարհի առաքելութեան:

Ունկնդրէ լուրը

Հռոմի թեմը, միսիոներական արտակարգ ամսուան ծիրէն նախաձեռնած տարբեր ծրագիրներու շարքին յատուկ մրցանակով մը պիտի պատուէ գործող եւ յանձնառու կարգ մը միսիոնարներ:  

25 հոկտեմբերին,  Հռոմի Լատերանեան պալատէն ներս, «Հայր Անտրէա Սանթորօ» անուամբ յատուկ մրցանակով  Հռոմի թեմը պիտի պատուէ կարգ մը միսիոնարներ:

Յիշենք, որ Հայր Անտրէա Սանթորօ իր  դաւանած քրիստոնէական հաւատքին համար սպաննուած է 5 փետրուար 2016-ին՝ Թուրքիոյ մէջ :

Հռոմի թեմի մրցանակին պիտի արժանանան Քոյր Աննա Պաշիոնը եւ քոյր Մարցի Ֆէուրա, առողջապահական եւ դաստիարակչական  մարզերէն ներս յանձնառու երկու միսիոնարուհիները:

«Հայր Անտրէա Սանթորօ» մրցանակով պիտի պատուուի նաեւ Հայր Սեպսաթիանօ Տամպրա,  Ֆիլիփինի մէջ «մահմետական- Քրիստոնեա  երկխօսութիւն» շարժումին հիմնադիրը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2019, 13:23