Հռոմի թեմը յատուկ մրցանակով մը պիտի պատուէ կարգ մը միսիոնարներ:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապ հոկտեմբեր ամիսը հռչակեց Միսիոներական արտակարգ ամիս: Այս ծիրէն ներս Կաթողիկէ եկեղեցին աշխարհի տարբեր թեմերէն ներս նախաձեռնած են տարբեր ծրագիրնե, նուիրուած միսիոներութեան եւ աշխարհի առաքելութեան:
Հռոմի թեմը, միսիոներական արտակարգ ամսուան ծիրէն նախաձեռնած տարբեր ծրագիրներու շարքին յատուկ մրցանակով մը պիտի պատուէ գործող եւ յանձնառու կարգ մը միսիոնարներ:
25 հոկտեմբերին, Հռոմի Լատերանեան պալատէն ներս, «Հայր Անտրէա Սանթորօ» անուամբ յատուկ մրցանակով Հռոմի թեմը պիտի պատուէ կարգ մը միսիոնարներ:
Յիշենք, որ Հայր Անտրէա Սանթորօ իր դաւանած քրիստոնէական հաւատքին համար սպաննուած է 5 փետրուար 2016-ին՝ Թուրքիոյ մէջ :
Հռոմի թեմի մրցանակին պիտի արժանանան Քոյր Աննա Պաշիոնը եւ քոյր Մարցի Ֆէուրա, առողջապահական եւ դաստիարակչական մարզերէն ներս յանձնառու երկու միսիոնարուհիները:
«Հայր Անտրէա Սանթորօ» մրցանակով պիտի պատուուի նաեւ Հայր Սեպսաթիանօ Տամպրա, Ֆիլիփինի մէջ «մահմետական- Քրիստոնեա երկխօսութիւն» շարժումին հիմնադիրը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ