Լիբանանի մէջ հոգեւոր պետերու ժողով Լիբանանի մէջ հոգեւոր պետերու ժողով 

Լիբանանի հոգեւոր պետերը կը զօրակցին ժողովուրդին արդար պահանջներուն:

«Լիբանանցի ժողովուրդը արժանի է կեանքի, ազատութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճումի», ընդգծեց Ռայի պատրիարքը:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը չորեքշաբթի, 23 հոկտեմբերին, Պքերքէի մէջ նախագահեց կաթողիկէ եւ ուղղափառ համայնքներու հոգեւոր պետերու արտակարգ նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը եւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը:

Ունկնդրէ լուրը

Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ երկրին մէջ տիրող կացութիւնը:

Նիստէն ետք Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ եկեղեցին միշտ ժողովուրդին կողքին կանգնած է եւ անոր կարիքներուն զօրակցած:

Ան հաստատեց, որ շաբաթէ մը ի վեր կատարուող բողոքի ցոյցերը արդարացի են, որովհետեւ պետութիւնը պէտք եղած լրջութեամբ լուծումներ չէ ապահոված ժողովուրդի պահանջներուն:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ իրենք կը հասկնան եւ կը բաժնեն ժողովուրդին ցասումը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ ժողովուրդը կրցաւ համայնքային եւ յարանուանական իր պատկանելիութիւնը շրջանցել եւ քաղաքացիական պետութիւն պահանջել` համախմբուելով լիբանանեան դրօշին ներքեւ:

«Լիբանանի հիմնադրութենէն 100 տարի ետք նուազագոյնն է, որ ժողովրդավար եւ քաղաքացիական պետութիւն գոյանայ, ընկերային ապահովագրութիւնը երաշխաւորուի, իսկ պետութենէն իւրացուած գումարները վերադարձուին», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ ժամանակը հասած է, որ լիբանանեան պետութիւնը անսայ ժողովուրդի պահանջին: Ան կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին` զօրակցելու Արեւելքի առաջին ժողովրդավար երկրին եւ պահպանելու երկրին իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութիւնը:

«Լիբանանցի ժողովուրդը արժանի է կեանքի, ազատութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճումի», ընդգծեց Ռայի պատրիարքը:

Նախքան արտակարգ նիստին գումարումը, յոյն ուղղափառ համայնքի Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը հաստատած էր, որ անիշխանութիւնը աւելի նախընտրելի է, քան` այսօրուան իրավիճակը: Իր խօսքը ուղղելով ճամբաներուն վերաբացումը պահանջողներուն` Աուտէ եպիսկոպոսը հարց տուաւ, թէ արդեօք անոնք նախապէս կ՛աշխատէի՞ն, որ հիմա կը պահանջեն աշխատանքի հասնելու համար ճամբաները վերաբանալ:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ռայի պատրիարքին հետ եւ ողջունեց Պքերքէէն հրապարակուած հաղորդագրութիւնը, ինչպէս նաեւ Ռայի պատրիարքին կոչերը:

Նշենք, որ նախագահ Աուն նախանցեալ գիշեր երկարատեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած էր Ռայի պատրիարքին հետ եւ քննարկած երկրին իրադարձութիւնները, իսկ երէկ առաւօտեան երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան այցելած էր Ռայի պատրիարքին` Պաապտա-Պքերքէ խորհրդակցութեան շրջագիծին մէջ:

Տար Ֆաթուայի Պաշտօնական Հաղորդագրութիւնը

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն դրական հայեացքով նկատի ունենալու լիբանանցի ժողովուրդին արդար պահանջները:

Ան հաստատեց, որ Տար Ֆաթուա բարձր կը գնահատէ լիբանանցի ժողովուրդին քաջ կեցուածքը, ինչպէս նաեւ արդարացի կը գտնէ անոր պահանջները:

«Լիբանանեան պետութիւնը պէտք է զօրակցի այս արդար իրաւունքներուն եւ ամէնէն մօտիկ ապագային գործադրէ զանոնք», ըսաւ միւֆթի Տըրիան:

Տիւրզի Հոգեւոր Պետին Կոչը

Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան շեշտեց, որ ոչ ոք պէտք է անտեսէ ժողովուրդին պահանջը, որ հսկայական է եւ այդքան ցաւ պատճառած, որ ան ստիպուած է բարկութեամբ եւ ցասումով արտայայտել զայն:

Շէյխ Հասան հաստատեց, որ երկիրը կը դիմագրաւէ տնտեսական տագնապ մը, որուն լուծման համար արտակարգ ճիգերու կարիքը կը զգացուի:

Ան կոչ ուղղեց պատասխանատուներուն ամէն ջանք ի գործ դնելու, որպէսզի լիբանանցիին իրաւունքները կարելի ըլլայ պաշտպանել եւ անոր արժանապատիւ կեանք մը ապահովել` անսալով անոր արդար պահանջներուն:

Շէյխ Հասան կոչ ուղղեց քաղաքական դասակարգին հրաւիրելու փրկութեան երկխօսութիւն մը:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/10/2019, 08:00