Որոնել

Իրաքի քրիստոնեաներ Իրաքի քրիստոնեաներ 

Իրաքի եկեղեցիներու հովուապետերը ցուցարարներու թիկունքին։

Իրաքի քրիստոնեայ համայնքապետերը կը յանձնարարեն «տագնապը յաղթահարել մշակութային պատասխանատու երկխօսութեան միջոցաւ» ու ոչ թէ բռնի ուժով։

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան 

«Զօրակցութիւն խաղաղ ցուցարարներուն» եւ աջակցութիւն անոնց «արդար պահանջներուն», աշխատանքի, տունի, ծառայութիւններու, ընկերային եւ առողջապահական սպասարկութիւններու, ինչպէս նաեւ կաշառակերութեան դէմ պայքարին ի նպաստ»։

Այս է 29 հոկտեմբեր 2019-ին, Պաղտատի Քաղդէացիներու պատրիարքութեան մէջ գումարուած Իրաքի եկեղեցիներու հովուապետերու կեցուածքը, ի տես երկրին մէջ տիրող մտահոգիչ իրավիճակին։

Ունկնդրէ լուրը

Քաղդէացիներու Պատրիարք Լուիս Ռաֆայէլ Սաքոյի հրաւէրով գումարուած ժողովը կը հաստատէ Քրիստոնեայ եկեղեցւոյ ղեկավարներուն իրենց սիրելի երկրին նկատմամբ յատուկ ու մտահոգ ուշադրութիւնը։ Անոնք քաղաքական իշխանութիւններէն ու կառավարութենէն կը պահանջեն «պատմական և համարձակ» միջոցառումներ, ի նպաստ հիմնական «բարեփոխումներու»։

Իրաքի քրիստոնեայ համայնքապետերը կը յանձնարարեն «տագնապը յաղթահարել մշակութային պատասխանատու երկխօսութեան միջոցաւ» ու ոչ թէ բռնի ուժով։

Յայտնենք թէ տասնեակ օրերէ ի վեր տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերու ու բռնութիւններու պատճառաւ կան բազմաթիւ զոհեր ու հարիւրաւոր վիրաւորներ։

Ցոյցերը սկիզբ առած են բողոքելու համար երկրին մէջ տիրող տնտեսական անկայուն իրավիճակին դէմ, որ յառաջ կու գայ կաշառակերութեան ու կողոպուտի տարածումէն։

Բողոքին դերակատարները միշտ աւելիով երիտասարդներն են, որոնք կը ձգտին ունեանլու «երկիր՝ ուր կարելի ապրիլ արժանավայել կեանք մը»։

Քրիստոնեայ հովուապետերը իրենց խօսքը կ՛ուղղեն այդ երիտասարդ մարդոց ու կիներուն որոնք «կը ներկայացնեն իրաքի ապագան» եւ որոնք «իրենց խաղաղ ցոյցերով կը խափանեն աղանդաւորական պատնէշները» ու կ՛ընդգծեն Իրաքեան միասնական ինքնութիւնը։ Անոնք կը խնդրեն որ Իրաքը դառնայ բոլորին համար երկիր, հիմնուած քաղաքացիական ընկերութեան ու բազմազանութեան յարգանքին վրայ։

Քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները «սիրտը լի յոյսով» կոչ կ՛ուղղեն որ ցոյցերու շարունակեն ունենալ «խաղաղ» բնոյթ, հրաժարելով բռնութեան որեւէ դրսեւորումէն , ու միեւնոյն ատեն հրաւէր կ՛ուղղեն կառավարութեան  «պաշտպանելու ցուցարարներուն կեանքը ու անոնց ցոյց կատարելու իրաւունքը»։

«Աղօթք կը բարձրացնենք առ Աստուած բոլոր զոհերուն համար, ըլլան անոնք ցուցարարներ կամ ապահովական զօրքի անդամներ, ու շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք բոլոր վիրաւորներուն» կը նշեն Իրաքի եկեղեցիներու ներկայացուցիչները իրենց կոչին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/10/2019, 11:31