Որոնել

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարան Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարան 

Դատապարտուեցաւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի ընտրութեան Անգարայի միջամտութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու Միջազգային կրօնական ազատութեան հարցերու յանձնաժողովը (USCIRF) դատապարտած է Թուրքիոյ իշխանութիւնները։

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը 23 Սեպտեմբերին Պոլսոյ նահանգապետարանին միջոցով Պոլսոյ Հայոց պատիարքարան ուղարկեց 85րդ պատրիարքի ընտրութեան գլխաւոր կանոնագիրը։

Ունկնդրէ լուրը

Կանոնագրութեան 25րդ կէտին մէջ կը ներկայացուին 6 պայմաններ, որոնց բոլորին համապատասխանելու պարագային միայն կարելի է պատրիարքական աթոռի համար թեկնածութիւն առաջադրել։

Պատրիարքի թեկնածու առաջադրուելու համար սահմանուած տուեալ պայմաններէն նոր եւ խնդրայայրոյց է 3րդ կէտը, որ անկարելի կը դարձնէ արտասահման բնակող թեկնածուներու առաջադրումը։

Ի լուր վերոնշեալ որոշումին  Միացեալ Նահանգներու Միջազգային կրօնական ազատութեան հարցերու յանձնաժողովը (USCIRF) դատապարտեց Թուրքիոյ իշխանութիւնները՝ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի թեկնածուներու հարցով հայութեան վրայ սահմանափակումներ պարտադրելուն համար:

Յանձնաժողովի ղեկավար Թոնի Փըրքինզ ընդգծեց, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը հոգեւոր առաջնորդներու ընտրական գործընթացին մէջ անարդար պայմաններ դրած է, միջամուխ դառնալով կրօնական համայնքի մը ներքին գործերուն: Ան կոչ ըրաւ ամերիկացի քաղաքական գործիչներուն, որ լրջութեամբ մօտենան Հայոց պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին՝ Անգարայի իշխանութիւններուն միջամտութեանց:

Իր կարգին, յանձնաժողովի փոխնախագահ Կէյլ Մենշին ըսաւ. «Այս վերջին միջամտութիւնը մաս կը կազմէ այն միջամտութիւններուն, որոնց իբրեւ հետեւաք՝ հայկական եկեղեցին գրեթէ 12 տարիէ ի վեր զրկուած է ազատօրէն հոգեւոր առաջնորդ մը ընտրելու իրաւունքէն»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/10/2019, 08:34