Որոնել

Յիսուս բժիշկ հոգիներու Յիսուս բժիշկ հոգիներու 

Կիրակի 20 Հոկտեմբեր 2019 - 6-րդ կիրակի Սուրբ Խաչին

Հիւսնի որդին' բժիշկ հոգիներու (Ղուկաս 4, 14-24)

Ամէն բժիշկ, ինք իր առողջութեան համար, պէտք ունի ուրիշ բժիշկի մը։ Քրիստոսի խօսքը կ՜երթայ սակայն այն բժիշկներուն որոնք գիտեն շատ լաւ խրատներ տալ իրենց յաճախորդներուն, սակայն իրենք երբեք չեն գործադրեր զանոնք։ Նոյնպէս ալ` կը հանդիպինք կղերականներու որոնք գեղեցիկ եւ բարոյալից խրատներ կու տան իրենց հաւատացեալներուն, սակայն իրենց կեանքի օրինակով` հակառակ պատկեր մը կը ներկայացնեն անոնց։

Ունկնդրէ լուրը

Յիսուս բժիշկն է նախ հոգիներու, բայց նաեւ մարմիններու։ Հրաշքները զոր ան կ'իրագործէ, բժշկելով հիւանդները, անկարելի է որ որեւէ մահկանացու կարենայ կատարել։ Սակայն այդ հրաշքներուն իրականացումը կախում ունի դիմացինին հաւատքէն ու վստահութենէն թէ Քրիստոս կրնայ իրապէս մէկ խօսքով բուժել մարդիկ։

Իր ծննդավայրին` Նազարէթի մէջ, Յիսուս տարակոյս ունի թէ իր հարազատները կը հաւատան իսկապէս իր կարողութիւններուն, թէ պարզապէս կ'ուզեն զինք փորձի ենթարկել եւ իր մասին քննադատութիւններ կատարել։ Կը տեսնէ անոնց մէջ վստա-հութեան պակասը իր անձին հանդէպ եւ թերահաւատութիւն` իր կարղութիւններուն նկատմամբ. ուստի այդ պատճառաւ ալ` հրաշք չի գործեր։

Գալով մեզի, Քրիստոսի խօսքերուն հանդէպ մեր յարգանքը մինչեւ ու՞ր կ'երթայ։ Մենք ալ արդեօ՞ք Նազարէթի բնակիչներուն նման` կը տարակուսի՞նք իր կարողու-թիւններուն նկատմամբ, թէ լիուլի վստահութիւն ունինք մեր Տիրոջ հանդէպ։ Յիսուս այսօր ֆիզիքապէս ներկայ չէ մեր մէջ, սակայն Քրիստոսի եւ իր աշակերտներուն յաջորդներն են այսօրուայ եպիսկոպոսներն ու քահանաները։  իսկ կիրակի օրուան կարեւորագոյն մասերէն մին է քարոզը։ Եկեղեցին արգիլած է իր վարդապետներուն կիրակի օրերը ժողովուրդին պատարագ մատուցանել առանց քարոզ տալու իրենց։

Սակայն ինչ որ յաճախ կը պատահի, այն է որ ժողովուրդը մտիկ չ'ըներ քարոզներուն եւ կարեւորութիւն չ՛ընծայեր անոնց. պէտք է համոզում գոյացնենք որ մեր լսած պատգամներուն համար հաշիւ պիտի տանք Տիրոջ։ Յիսուս` երբ ուղարկեց իր առաքեալները քարոզութեան, Յուդան ալ կար իրենց մէջ. մարդիկ մտիկ ըրին նաեւ Յուդայի քարոզութեան եւ փրկուեցան. հրաշքներ ալ գործեց Յուդան, միւս այաքեալ-ներուն նման։ Վարդապետի մը անձնական տկարութիւնը կամ յանցանքը պէտք չէ պատրուակ բռնել անոր խօսքին կարեւորութիւն չտալու համար, որովհետեւ ան` իր կեցած բեմէն` կը ներկայացնէ Քրիստոսի իշխանութիւնը,անոր բարութիւնը, անոր դատաստանը։ Մեզի կ՛իյնայ ուրեմն ընտրել` կամ մտիկ ընել մեզի մատուցուած Աստուծոյ խօսքին եւ փրկել մեր անձը, կամ ալ` անտարբեր գտնուիլ անոր հանդէպ եւ ենթարկել մեր անձը անապահով յաւիտենական կեանքի մը։

Քրիստոս կ՛ըսէ. Սուրբ Հոգին իմ վրաս է, ինծի իշխանութիւն տուաւ քարոզելու եւ աւետարանելու։ Քրիստոսի իշխանութիւնը յառաջ կու գայ Սուրբ Հոգիէն, որ ներկայ է իր յղութեան, իր ծննդեան, իր դաստիարակութեան, իր մկրտութեան եւ անապատ երթալու ընթացքին, բայց մանաւանդ իր քարոզութեան եւ հրաշքներու իրագործման մէջ։

Թողունք ուրեմն որ Հոգին մեզ ալ առաջնորդէ մեր բոլոր կեանքի ընթացքին, որպէսզի կատարենք ոչ թէ այն ինչ որ մենք կ՛ուզենք ընել մեր ազատ կամքովը, այլ ինչ որ Տէրը կ՛ուզէ որ ընենք մեր գործերով եւ ըսենք մեր խօսքերով, մեզի յանձնուած ժողովուրդի բարիքին համար։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/10/2019, 08:35