Որոնել

Ղուկաս Աւետարանիչ Ղուկաս Աւետարանիչ  (© Biblioteca Apostolica Vaticana)

Ղուկաս Աւետարանիչի ծիսական տօնը։

«Սուրբ Ղուկաս այն աւետարանիչն է որ լաւագոյնս կը բացայայտէ Յիսուսին սիրտն ու ողորմութիւնը»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր 18 հոկտեմբերին Լատին Եկեղեցին կը յիշատակէ Ղուկաս Աւետարանիչի ծիսական տօնը։ Ան հեթանոս ծնքողի զաւակ էր, ծնած Անտիոքի մէջ, մասնագիտութեամբ բժիշկ։ Դարձի գալով կը դառնայ  Սուրբ Պօղոս առաքեալի գործակից ու ճանապարհորդութեան ընկեր։

Ունկնդրէ լուրը

Ղուկաս հեղինակն է Երրորդ Աւետարանին եւ Առաքեալներու Գործեր գիրքին։ Ան այս  վերջինիս մէջ  կը ներկայացնէ Աւետարանի տարածումին պատմութիւնը։ Թէպէտ գիրքը կոչուած է Առաքեալներու Գործեր սակայն անոր մէջ հանգամանօրէն կը պատմուին Պետրոս ու Պօղոս առաքեալներու գործերը։

Գիրքը կ՛ընդգրկէ 35 տարիներու շրջան մը 30-ական թուականներէն մինչեւ 65 թուական։ Կը սկսի Քրիստոսի Յարութեամբ եւ համբարձումով ու կը փակուի Սուրբ Պօղոսի գերութեամբ Հռոմ՝  61-63։

Անոր մէջ պարունակուած գլխաւոր դէպքերը հետեւեալներն են. Յարութիւն. Հիմնարկութիւն Երուսաղէմի հասարակութեան. Մահ Սուրբ Ստեփանոսի, առաջին հալածանքներ. Երուսաղէմի քրիստոնեայ  Հելլենականները կը ցրուին. Դարձ Սուրբ Պօղոսի։ Երուսաղէմի սիւնհոդոսը. Երկրորդ եւ երրորդ  ճամբորդութիւն Սուրբ  Պօղոսի։ Բանտարկութիւն Սուրբ Պօղոսի նախ Երուսաղէմ ապա Կեսարիա. Ճամբորդութիւն Սուրբ Պօղոսի դէպի Իտալիա եւ բանտարկութիւն Հռոմի մէջ։

Սուրբ Ղուկասի նպատակն էր արձանագրել քրիստոնէութեան ծաւալումը ուստի ան ընտրած է դէպքեր որոնք կը լուսաբանեն այդ ծաւալումին զանազան հանգրուանները։ Ղուկաս կը պատմէ թէ ինչպէս Եկեղեցին կը ծնի, կ՛աճի ու կը ծաւալի։

Գալով Աւետարանին՝ Եկեղեցւոյ պատմութեան համաձայն ան գրուած է Աքայիոյ մէջ, Յունաստան, Սուրբ Պօղոսի մահէն ետք 67-72 շրջանին։

Ղուկաս առաջաբանին մէջ կը յիշէ որ արդեն իրմէ առաջ ուրիշներ գրած են, ինչ որ ինք կը փորձէ գրել իր սիրելի բարեկամին՝ Թէոփիլէի համար։

Ղուկաս իր աւետարանը գրած է Յունարէն լեզուով զայն սահմանելով Հելլէնն ընթերցողներուն։ Աւետարանին մէջ յատուկ կերպով շեշտուած է Փրկութեան ընդհանրականութիւնը։

Անցեալ չորեքշաբթի 15 հոկտեմբերին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղելով երիտասարդներուն, տարեցներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն, յիշած էր թէ ուրբաթ օր պիտի տօնուի Սուրբ Ղուկասի ծիսական տօնը, դիտել տալով որ ան եղած է այն աւետարանիչը որ լաւագոյն կերպով կը բացայայտէ Յիսուսին սիրտը ու անոր ողորմութիւնը։

«Թող որ այդ տօնը օգնէ մեզ բոլորս՝ վերագտնելու քրիստոնեայ ըլլալու գեղեցկութիւնը ու գեղեցկութիւնն ըլլալու Տիրոջ բարութեան վկաները» ըսած էր այդ առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2019, 08:10