Որոնել

Արարատ Շալընժ ծրագիր Արարատ Շալընժ ծրագիր 

«Աւրորա» մարդասիրական կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը այցելեց Լեւոնեան Վարժարան։

Վարժարանի Մեծաւորը ընթերցեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի կողմէ ուղղուած յորդորը:

Չորեքշարբթի, 2 Հոկտեմբեր 2019_ի, երեկոյեան ժամը 7:00_ին, «Աւրորա» մարդասիրական կազմակերպութիւնը ծանօթացնող փոքր ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ, Հռոմի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ:

Ներկայութեամբ՝ Ս. Աթոռի մօտ, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Կարէն Նազարեանի, «Աւրորա» մարդասիրական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներու եւ նախորդ տարիներու դափնեկիրներու, Գերյարգելի եւ Գերապատիւ հայրերու, Լեւոնեան վարժարանի ժառանգաւորներու եւ հայ ու օտար հիւրերու:

Երեկոն ընթացք առաւ «Տէրունական աղօթք»ով եւ Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի Մեծաւոր՝ Գերյարգելի Նարեկ ծ.վ. Նաամոյեանի  ողջոյնի խօսքով, որուն մէջ Ան ներկաներուն ծանօթացուց կազմակերպութեան հիմնական նպատակը եւ գնահատեց անոր գործունէութիւնն ըսելով. «Այս բարոյական ազդակը մեր ինքնագիտակցութեան մէջ, ի վերուստ տրուած է՝ իբրեւ Քրիստոնեայ հայ ժողովուրդ, հետեւելով մեր Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի խօսքերուն, որ պատուիրեց հարուստ երիտասարդին ըսելով. «Եթէ կ'ուզես կատարեալ ըլլալ, գնա՛, վաճառէ քու ինչքերդ ու աղքատներու տո՛ւր, այսպիսով գանձ կ'ունենաս երկնքի մէջ»: Այս վառ օրինակին եւ Ս. Պօղոսի պատուէրին. «Ձրի առիք. Ձրի տուէ՛ք» հետեւելով դուք եւս Ս. առաքելութիւն մը կը վարէք»:

Վարժարանի Մեծաւորը իր խօսքին աւարտին ընթերցեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի կողմէ ուղղուած յորդորը, ուր Հայրապետը կ'արժեւորէ «Աւրորա» կազմակերպութեան «Արարատ Չալընճ» ծրագիրը:

«Աւրորա» կազմակերպութեան անունով, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով հանդէս եկան «Աւրորա»ի հիմնադիրներէն՝ Տիար Ռուբէն Վարդանեան եւ Տիար Նուպար Աֆէեան, աւելի մանրամասնօրէն ներկայացնելով իրենց վսեմ աշխատանքն ու ունեցած ապագայի տեսլականը:  Ելոյթներուն  յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր մը, ուր իտալական «Ի Բաձձի» լարային անսամպլը հնչեցուց Կոմիտաս Վարդապետի «օրօր», «Գարուն ա», «Հո՜յ Նազան» եւ «Կռունկ» երգերը, ղեկավարութեամբ՝ Մայէսթրօ Գարլօ Ալպէրթօ Ճոճայի եւ մենակատարութեամբ՝ Օրդ. Մարինէ Գրիգորեանի:

Մօտ մէկ ժամ տեւող յայտագրի աւարտին ներկաները հիւրասիրուեցան Լեւոնեան վարժարանի ներքնափակ ին մէջ։

Քաղուած Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանի դիմատետրէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/10/2019, 10:29