Որոնել

«Հալածուած  քան երբեւիցէ» տեղեկագիր «Հալածուած քան երբեւիցէ» տեղեկագիր 

Քրիստոնեաները հալածուած են աշխարհի աւելի քան 20 երկիրներու մէջ. Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւնի դատապարտումը։

«Հալածուած քան երբեւիցէ» տեղեկագիրով տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն հիմնարկը կ՛ուզէ ձայն տալ ճնշուի տակ ապրող բոլոր քրիստոնեաներուն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քահանայապետական իրաւասութեամբ Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն հիմնարկը, որուն նպատակներէն մին է աջակցիլ  աշխարհի մէջ կրօնի ազատութեան, հինգշաբթի 24 հոկտեմբերին, Հռոմի Սուրբ Բարթողոմէոս Պազիլիքային մէջ ներկայացուց իր տարեկան տեղեկագիրը որմէ ի յայտ կու գայ թէ Քրիստոնեաները աշխարհի մէջ ամէնէ հալածուած հաւատացեալներն են ու թէ անոնց դէմ մղուած բնութիւնները տեղի կ՛ունենան աշխարհի աւելի քան 20 երկիրներու մէջ ու թէ կացութիւնը աւելիով ծանրացած է Ափրիկէի ու հարաւային Ասիայի մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

«Հալածուած  քան երբեւիցէ» տեղեկագիրով տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն հիմնարկը կ՛ուզէ ձայն տալ ճնշուի տակ ապրող բոլոր քրիստոնեաներուն ու անոնց ձայնը լսելի դարձնել համայն աշխարհին, պատշաճ պատասխաններ որոնելով ի նպաստ կրօնական ազատութեան յարգանքին։

Վերոնշեալ տեղեկագիրի ներկայացումին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Արեւելեան  եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, որ Վատիկան Նիուզ – Ռատիօ Վատիկանի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին շեշտը դրաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն  ապրած դժուար կացութեան վրայ, ու այդ առընչութեամբ Եկեղեցւոյ յանձնառութեան՝ հասնելու անոնց օգնութեան։

Այդ տարածաշրջանին մէջ ու յատկապէս Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ, ըսաւ Ծիրանաւորը, բազմաթիւ ժողովուրդներ կ՛ապրին մեծ տառապանք…քրիստոնեաներէն շատեր կը հեռանան ու մտավախութիւնը կայ առանց քրիստոնեաներու Միջին Արեւելք մը ունենալ, ինչպէս շատ անգամ ահազանգեց Ֆրանչիսկոս Պապը, ու «այս մէկը հակառակ է այդ տարածաշրջանի պատմութեան» նշեց Կարդինալ Սանտրի, յոյս յայտնելով որ ի վերջոյ հաստատուի խաղաղութիւնը։

«Թէեւ, շարունակեց Ան,  քրիստոնեաները կը մնան հալածուած հաւատացեալներ, որովհետեւ շատ անգամ անտեսուած է անոնց քաղաքացիի լիիրաւ իրաւունքը ու այս մէկը զանոնք կը մղէ հեռանալու իրենց ծննդավայրերէն»։

Կարդինալ Սանտրին հաստատեց նաեւ թէ Քրիստոնեաներուն ներկայութիւնը այդ տարածաշրջանին մէջ «հաւասարակշռութեան ու կայունութեան» նշան է ու թէ հարկաւոր է ճանչնալ անոնց քաղաքացիութեան լիիրաւ իրաւունքը, որովհետեւ անոնք եւս կը սիրեն իրենց երկիրը ու կը սատարեն անոր բարգաւաճումին ու համայն ընկերութեան բարօրութեան, եւ այս ի յայտ կու գայ նաեւ կաթողիկէ հասարակութեան տարածաշրջանի մէջ կատարած ներդրումներուն եւ յանձնառումին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/10/2019, 11:04