Որոնել

Արամ Ա Արամ Ա 

«Աստուածաշունչը տպելէն, տարածելէն ու կարդալէն անդին պէտք է ապրիլ». Արամ Ա.

«Ի՞նչ է պատգամը Աստուածաշունչին այսօր, Միջին Արեւելքի ներկայ պայմաններուն մէջ» բնաբանով համագումար

Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը անցեալ օրերուն անգլերէնով  դասախօսութիւն մը տուաւ Հարիսայի համագումարներու սրահին մէջ տեղի ունեցած միջազգային համագումարին ընթացքին, որուն մէջ պատգամեց որ «Աստուածաշունչը տպելէն, տարածելէն ու կարդալէն անդին պէտք է ապրիլ»։

Ունկնդրէ լուրը

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Միջին Արեւելքի եւ Անգլիոյ Ս. Գրոց ընկերակցութեանց միացեալ ճիգով եւ համագործակցութեամբ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդին: Համագումարին ընդհանուր բնաբանն էր՝ «Ի՞նչ է պատգամը Աստուածաշունչին այսօր, Միջին Արեւելքի ներկայ պայմաններուն մէջ»:

Երկու օրերու վրայ տարածուած համագումարին կը մասնակցէին շուրջ 200 պատուիրակներ՝ Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներէ եւ Անգլիայէն, ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցիէն՝ Լիբանանէն եւ Պոլիսէն: Համագումարին կազմակերպիչ կառոյցներու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Վատիկանի ներկայացուցիչը բացման հանդիսութեան յաջորդաբար խօսք առին:

Համագումարին գլխաւոր դասախօսն էր վեհափառ հայրապետը: Ողջունելով համագումարին նպատակը՝ կաթողիկոսը շեշտեց, որ Աստուածաշունչը իւրաքանչիւր քրիստոնեայի մտածողութեան, գործին ու կեանքին առանցքը եւ ուղեգիծը պէտք է դառնայ, այլապէս քրիստոնեան պիտի կորսնցնէ իր կեանքին որակը, իմաստն ու նպատակը: Ան, ապա, Աստուածաշունչի իւրայատկութիւններուն անդրադարձաւ եօթը գլխաւոր կէտերու մէջ: Այս ծիրին մէջ ան ըսաւ, որ Աստուածաշունչը գիրք չէ, ուսուցումներու ուղեցոյց չէ, այլ Աստուածային յայտնութիւն կը պարունակէ:

Իր դասախօսութեան երկրորդ բաժինին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդգծեց Աստուածաշունչէն եկող չորս պատգամներ՝ ա) միութիւն, բ) ծառայութիւն, գ) առաքելութիւն եւ դ) սէր:  Իւրաքանչիւրին մասին հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ, մէջբերումներ կատարելով Աստուածաշունչէն:

Իսկ դասախօսութեան երրորդ բաժինին մէջ վեհափառը խօսեցաւ վերոյիշեալ աստուածաշնչական պատգամներուն իմաստին մասին, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու կեանքի շրջագիծին մէջ: Ան կարեւորութեամբ ընդգծեց քրիստոնէական միութեան գործակցութեան, ծառայութեան եւ վկայութեան իւրայատուկ իմաստը եւ մարտահրաւէրը, յատկապէս ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ:

Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ, կաթողիկոսը կոչ ուղղեց եկեղեցիներուն՝ Աստուածաշունչը ծէսէն, եկեղեցւոյ պատերէն եւ Ս. Գրոց սերտողութեան նուիրուած ձեռնարկներէն անդին տանելու եւ կեանքի թարգմանելու հրամայականը:

Քաղուած «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2019, 09:12