Որոնել

Սեղմէ աղօթելու համար: Սեղմէ աղօթելու համար: 

«Սեղմէ վարդարանը աղօթելու համար աշխարհի խաղաղութեան դիտաւորութեան: Համացանցային ծրագիր:

Ծրագիրը բանաւոր վարդարան մըն է, որուն յստակ նպատակն է աղօթել աշխարհի խաղաղութեան համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 15 հոկտեմբերին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ ներկայացուեցաւ «սեղմէ վարդարանը, աղօթելու համար աշխարհի խաղաղութեան դիտաւորութեան»ծրագիրը:

Ունկնդրէ լուրը

Ծրագիրին ներկայացումին ելոյթ ունեցան քահանայապետական կարգ մը կազմակերպութիւններուն ղեկավարներ ու պաշտօնեաներ:

 Ելոյթ ունեցողներուն շարքի եղան ի մէջ այլոց «Պապի աղօթքի համաշխարհային ցանցի միջազգային բաժանմունքի տնօրէն, Յիսուսեան միաբանութեան անդամ, Հայր Ֆրէտէրք Ֆորնոս, մինչ Սուրբ աթոռի հաղորդակցութեան ժողովի կողմէ ելոյթ ունեցաւ միեւնոյն ժողովի քարտուղար Գերապայծառ Լուչիօ Ռուիցը: 

Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հռչակուած միսիոներական հոկտեմբեր ամսուան առիթով, «Պապի աղօթքի համաշխարհային ցանցը» սկիզբ տուաւ մը նոր ծրագիրի  «սեղմէ վարդարանը, աղօթելու համար աշխարհի խաղաղութեան դիտաւորութեան» անունով:

Ծրագիրը բանաւոր վարդարան մըն է, որուն յստակ նպատակն է աղօթել աշխարհի խաղաղութեան համար:

Պապի աղօթքի համաշխարհային ցանցի այդ ծրագիրին նպատակն  է երիտասարդները ներգրաւել աւանդական աղօթքներուն մէջ: Բանաւոր վարդարան մը ՝կապուած համացանցային ծրագիրին հետ որուն մէջ պարունակուած են կրօնական թանկարժէք աղօթքներ ու պատգամներ:   

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/10/2019, 12:58