Աղթամարի եկեղեցին Աղթամարի եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:

Մարդոց Թաքստոցը:

Պատերազմական եւ այլ անապահով կացութիւններու բերումով, մարդիկ իրենց կեանքի ապահովութեան համար մասնաւոր թաքստոցներ կամ ապաստանարաններ կը պատրաստեն, պեթոնի խտագոյն ձուլածոներով կը պաշտպանեն զայն, որպէսզի դիմացկունութիւն տան անոր, նոյնիսկ ամէնէն ուժգին ռմբահարումներու դիմաց:

Պատահած է նաեւ, որ ապաստանարաններու մէջ թաքնուած մարդիկ զոհ գացած են կոյր ռմբակոծումներու, երբ յանկարծ չսպասուած անկիւնէն, ապաստանարանի ամէնէն տկար պատէն ներս թափանցած է ռումբը եւ նախճիր գործած: Անմեղ կանայք ու երեխաներ, տարեցներ ու անկարներ զոհ գացած են յաճախ նման անարգ սպանդի, մինչ կը խորհէին, թէ շատ ապահով վայրի մը մէջ թաքնուած էին:

Բռնապետներ կամ պատերազմական գործողութիւններու մէջ գտնուող քաղաքական ղեկավարներ երբեմն իրենց անձին ապահովութիւնը փնտռած են գետնափոր թաքստոցներու մէջ: Անոնք իրենց այդ ապաստանարանէն կառավարած են յաճախ գունդերը, ձայնային անթել սարքերու միջոցաւ ուղղութիւն տալով կռուող բանակին:

Յիսուսի մտածողութեան մէջ կը հանդիպինք մեր գանձը ամէնէն ապահով տեղին՝ երկնքի մէջ դիզելու գաղափարին, որ անշուշտ տարբեր է այդ վայրին թաքստոց մը ըլլալու իրողութենէն, սակայն ապահով վայր մը ըլլալու գաղափարէն ալ շատ հեռու չէ՛: Մեր արծարծած նիւթը մարդոց ապահով տեղ մը փնտռելու մտածումէն յառաջացած մտահոգութիւն մըն է, որով մարդիկ կ՛ուզեն իրենց անձը այդտեղ ապահովել եւ փրկել:

Թաքստոցին մէջ մտնելու արարքին կը զուգորդուի վախը: Ինչո՞ւ մտնել թաքստոց, եթէ վախ չունինք: Վախն է որ մեզի կը ստիպէ պահուըտիլ, ազատելու համար վտանգէն:  Արդեօք վախը լա՞ւ խորհրդատու մըն է, որ մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի թաքստոց:

-Ո՛չ, վախը լաւ խորհրդատու մը չէ՛, անիկա ընդհակառակը շատ վատ խորհրդատու մըն է, որ նոյնիսկ կրնայ վատ արարքներու մղել մեզ: Թաքստոց մտնելու խորհուրդը վախին կողմէ մեզի տրուած առաջին քայլ մըն է պարզապէս, թաքստոցին մէջ կազմակերպուելու եւ մեր յառաջիկայ ընելիքը այնտեղ որոշելու:

Թաքստոցը ապահովական առումով ծածկուած ըլլալով ամէն կողմէ, բնականաբար կը զուգորդուի նաեւ մթութեան գաղափարին հետ: Գետնափոր թաքստոցը կամ ապաստանարանը, բնականաբար ցերեկի լոյսէն զուրկ կ՛ըլլայ:

Յիսուսի մտածողութեան մէջ կը գտնենք վատ արարքներուն համար օգտագործուող ժամանակը՝ գիշերը, այլ խօսքով՝ մթութիւնը: Որոմներու առակին մէջ յստակօրէն կ՛ըսուի, թէ թշնամին գիշեր ատեն եկաւ եւ լաւ սերմ ցանուած արտին մէջ որոմ ցանեց ու գնաց: Ան ուրեմն ցերեկ աչքով չեկաւ, երբ մշակները կամ նոյնիսկ սովորական անցորդներ կրնային նկատել զինք: Ան գիտէ անշուշտ, թէ որոմը ծլելէն ետք ամէն մարդ պիտի իմանայ այդ մասին, սակայն արդէն չարիքը գործուած կ՛ըլլայ: Կարեւորը ճիշդ այդ միջոցին, այսինքն չարիքը գործած պահուն պէտք չէ՛ բացայայտուի իր գործը, որպէսզի ատոր առաջքը չառնուի:

Հոգեբանութիւնը ցոյց կու տայ նաեւ մարդոց համար այլ թաքստոց մը, որ անոնց հոգեկան ներքին աշխարհն է: Մարդը կրնայ թաքնուիլ իր հոգւոյն մէջ՝ իբրեւ ամէնէն ապահով վայրը, հեռու արտաքին աշխարհի ազդեցութիւններէն: Դրական իմաստով ըմբռնուած այս «բանտը», շատ յաճախ հրաշքներ գործելու սքանչելի առիթ է մահկանացու բնութեամբ ստեղծուած մարդուն համար: Արտաքին աշխարհին աղմուկը, ինչպէս բամբասանքն ու զրպարտութիւնները, այս թաքստոցէն ներս ներթափանցելու կարողութիւնը չունին: Մարդ այս վայրին մէջ կրնայ գտնել աշխարհի վրայ կարելի ամէնէն ազդու խաղաղութիւնը, որ նաեւ ստեղծագործ ուժ ունի իր մէջ: Հանճարներու ապաստանարանն է այս, որոնց համար բնաւ կարեւորութիւն չունի արտաքին աղմուկը:

Ըստ արաբական առածին՝ մարդիկ ընդհանրապէս կը թաքնուին իրենց զգեստին՝ հագուստին  մէջ: Հագուստը կը ծածկէ մարդկային մարմինին մերկութիւնը եւ ուրիշներուն տեսողութենէն հեռու կը մնայ տուեալ անձին մարմինը, նոյնպէս ալ, փոխաբերական իմաստով, ինքնութիւնը՝ նկարագիրը, էութիւնը: Մարդը ֆիզիքապէս մերկացնելը շատ աւելի հեշտ արարք է, քան անոր ինքնութեան զգեստը վրայէն հանելը եւ բուն էութիւնը տեսնելը:

Մարդ էակին այս կտաւեղէն թաքստոցը ամէնէն ամուր դռները ունի, պողպատեայ կղպանքներով, ուրկէ ներս թափանցել՝ պիտի նշանակէր համայն աշխարհի մարդկութիւնը ճանչնալ, որովհետեւ աշխարհի ամբողջ մարդկութիւնը այս կամ այն ձեւի զգեստաւորումով կը ներկայանայ մեզի, նոյնիսկ ափրիկեան ամէնէն նախնական ցեղերու մարդիկը նկատի ունենալով: Մահը երբ վրայ հասնի եւ մարդուն վրայ փտի նաեւ այն հագուստը զոր դագաղ դրած ատեն հագցուցած էին իրեն, ի՞նչ իմաստ պիտի ունենայ ոսկրակոյտին մերկութիւնը: Անոր ինքնութիւնը ծածուկ կերպով գործած է արդէն իր ամբողջ կեանքին ընթացքին, բարի կամ չար արդիւնքով…։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/10/2019, 11:07