Ճափոնի Կաթողիկէ հասարակութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութեան կը պատրաստուի։ Ճափոնի Կաթողիկէ հասարակութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութեան կը պատրաստուի։ 

Ճափոնի Կաթողիկէ հասարակութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութեան կը պատրաստուի։

Ճափոնի մէջ իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն 1366 կղերականներ՝ կազմուած եպիսկոպոսներէ, քահանաներէ եւ սարկաւագներէ որոնցմէ 529 օտարներ են։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 23 – 26 նոյեմբեր 2019-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութեամբ կը մեկնի Ճափոն ուր, ըստ 2018-ի տուեալներուն, կաթողիկէ համայնքը կազմուած է  440 հազարէ աւելի հաւատացեալներէ։

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետէն ետք՝ որ Ճափոնը այցելած էր 1981-ին Ֆրանչիսկոս Պապը կը հանդիսանայ երկրորդ քահանայապետը որ կ՛այցելէ այդ երկիրը, հանգրուան կատարելով նաեւ Հիրոշիմա եւ Նակազաքի, ու այցելելով Նիշիզաքայի բլուրի նահատակներու կոթողը, մեծարելու համար Նակազաքիի թաքնուած քրիստոնեաները, ինչպէս նաեւ թիկունք կանգնելու երկրի կաթողիկէ փոքրամաս հասարակութեան, որ պաշտօնական տուեալներու համաձայն  կը կազմէ բնակչութեան 0.3 առ հարիւրը։  Կան սակայն բազմաթիւ այլ կաթողիկէ հաւատացեալներ որոնք պաշտօնապէս չեն գրանցուած ժողովրդապետութիւններու  մէջ եւ որոնց մեծամասնութիւնը կազմուած է օտարերկրեայ քաղաքացիներէ։

Կաթողիկէներու ամենամեծ հասարակութիւնը կ՛ապրի Թոքիոյի մէջ, որոնք համախմբուած են Թոքյիոյի մայրաքաղաքային տարածքի երեք թեմեր՝ Թոքիօ, Եոքահոմա եւ Սայթամայի մէջ եւ կը հաշուեն 175 հազար կաթողիկէ հաւատացեալ, որոնց մեծամասնութիւնը՝ գրեթէ 78 հազարը մաս կը կազմէ Թոքիոյի թեմին։

Ճափոնի մէջ իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն 1366 կղերականներ՝ կազմուած եպիսկոպոսներէ, քահանաներէ եւ սարկաւագներէ, որոնցմէ 529 օտարներ են։ 2018 տուեալներու համաձայն այնտեղ կը գործեն 74 նորընծայարաններ, 776 դպրոցներ ինչպէսս նաեւ 44 բարձրագոյն ուսմանց վարժարաններ եւ համալսարաններ։

Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապին Ճափոն կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան բնաբանն է «պաշտպանել բոլոր կեանքերը»։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/10/2019, 10:16