Որոնել

Սուրբ Ֆրանչիսկոսի եւ Ալ Մալիք Սուլթանի միջեւ հանդիպումը Սուրբ Ֆրանչիսկոսի եւ Ալ Մալիք Սուլթանի միջեւ հանդիպումը 

Կարդինալ Սանտրիի այցը Սուրբ Երկիր։

Ծիրանաւորը Սուրբ Երկիրը կ՛այցելէ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի խաղաղութեան ուխտագնացութեան 800 ամեակի նշումին առթիւ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

800 տարիներ առաջ՝ 1219-ին, Ասսիզիի խաղաղութեան սուրբը մեկնած էր Միջին Արեւելք Եգիպտոսի Սուլթանին հետ հանդիպելու նպատակով։ Երկար ճամբորդութեան մը աւարտին այդ հանդիպումը կը կայանայ Գահիրէէն 200 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Տամիեթա նաւահանգիստին մօտ։ Այդ Քրիստոնեայ Իսլամ երկխօսութիւնը յատկանշող պատմական հանդիպումէն 800 տարեդարձը յիշատակելու համար է որ Երուսաղէմը կը բանայ իր դռները, վերահաստատելու համար խաղաղութեան վկայ՝ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի յանձնառումը ու վերարժեւորելու անոր համոզումը՝ թէ միշտ ալ կարելի է եղբայրական հանդիպում ունենալ որեւէ մէկ արարածի հետ։

Ունկնդրէ լուրը

«Պատգամ մը որ տակաւին այժմէական է, որովհետեւ երկխօսութիւն կը նշանակէ ընթանալ դէպի ուրիշը՝ առանց նախապաշարումներու, ու խաղաղութիւնը սրտին մէջ, այն գիտակցութեամբ թէ մենք նախ եւ առաջ կը հանդիպինք անհատի մը, անկախ անոր հաւատքէն» յայտնած է Սուրբ Երկրի Պահակ Ֆրանչիսկեան Հայր Փաթթոնը ընդգծելով որ «Սուրբ Ֆրանչիսկոսի երազը հեռատեսական էր, որովհետեւ մենք այն օրէն ի վեր  կը գտնուինք Սուրբ Երկրի մէջ» ըսած է Ան։

30 սեպտեմբերէն մինչեւ 4 հոկտեմբեր 2019, Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի՝ Սուրբ Երկրի պահակութեան  հրաւէրով  մեկնած է Սուրբ Երկիր, մասնակցելու համար Պահակութեան այս օրերուն կազմակերպած Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Սուրբ Երկիր կատարած խաղաղութեան ուխտագնացութեան 800 ամեակի տօնախմբութիւններուն, որուն ծիրէն ներս նախատեսուած է յատուկ գիտաժողով։

Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը 2 հոկտեմբերի յետմիջօրէին հանդիսաւոր մուտք պիտի կատարէ Սուրբ Գերեզման ու 3 հոկտեմբերին հանդիպում պիտի ունենայ  Ալ Աքսա մզկիթի Աւագ Միւֆթիին հետ։

Ուրբաթ 4 հոկտեմբերիկն՝ Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան հիմնադիր՝ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի ծիսական տօնին օրը, Կարդինալ Սանտրի  Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մօտ պիտի հանդիսապետէ հայրապետական Սուրբ պատարագին։

Սուրբ Երկիր կեցութեան ընթացքին Կարդինալ Սանտրին հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ քրիստոնեայ համայնքներու ու միաբանութիւններու ադամներուն հետ, եւ այցելութիւններ պիտի կատարէ մի քանի սրբավայրերուն։

Ծիրանաւորը բոլորին պիտի տանի Ֆրանչիսկոս Պապին օրհնութիւնները ու սիրալիր ողջոյնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/10/2019, 09:39