Հայր Ալֆրէտօ Քրէմոնէզի: Հայր Ալֆրէտօ Քրէմոնէզի: 

Երանելի կը հռչակուի Հայր Ալֆրէտօ Քրէմոնէզի:

Հայր Ալֆրէտօ, տակաւին նորածին, ծանր եւ անդարմանելի հիանդութեան կը մատնուի եւ Սրբուհի թերեզայի բարեխօսութեամբ հրաշքով մը իր առողջութիւնը ամբողջութեամբ վերականգնած է :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երանելիներուն շարքին տիեզերական կաթողիկէ եկեղեցին այսօր՝ շաբաթ 19 հոկտեմբերին կ՝ունենայ այլ մէկ երանելի մը, Իտալացի հայր Ալֆրէտօ Քրեմոնէզին:

Ունկնդրէ լուրը

Քրիստոնէական իր դաւանած իր համար Հայր Ալֆրէտօ հաւատքի ատելութեամբ սպաննուած է՝ 1 փետրուար 1953-ին, Մայանմար քաղաքին մէջ:

Երանացման արարողութեան կը նախագահէ Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ, կարդինալ Անճելօ Պեչչու, Իտալիոյ Քրէմա քաղաքին մայր տաճարէն ներս:

Հայր Ալֆրէտօ  ծնած էր 16 մային 1902ին: Փոքրիկ տարիքին ծանր եւ անդարմանելի հիւանդութեան կը մատնուի :Իր իսկ վկայութեամբ  Հայր Ալֆրէտօ,Մանուկ Յիսուսի փոքրիկ թերեզայի բարեխօսութեամբ  հրաշքով մը  իր առողջութիւնը ամբողջութեամբ վերականգնած  է :  Այնուհետեւ փոքրիկ Ալֆէրտոյին մէջ միսիոնար դառնալու փափաք կ՝արթննայ :  Ան Աստուածաբանութեան ուսումները աւարտելէ ետք   քահանայ կը ձեռնադրուի 12 հոկտեմբեր 1924-ին՝ եւ  կը դառնայ Աւետարանի առաքեալ՝ ոչ քրիստոնեաներուն միջեւ:  Նորօծ վարդապետին առաջին առաքելութիւնը կը հանդիսանայ Պիրմանիոյ մէջ:

Նախ քան Պիրմանիա մեկնիլը, իր  հարազատներէն հրաժեշտ առնելու պահուն, հայր Ալֆրէտօ ողջոյնեց«ցտեսութիւն, դրախտի մէջ կը տեսնուինք » բառերով : Ան խոստացած է, որ ինք երբեք տուն պիտի չվերադառնայ՝ քէշ օրինակ չտալու համար :Արդարեւ հայր Ալֆրէտօ երբեք  իր հայրենիքը չվերադարձաւ: Ան Պիրմանիոյ  մէջ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն շարունակեց իր առաքելութիւնը հռչակելով Աւետարանը :  Համաշխարհային Բ պատերազմի դժնակ օրերուն Հայր Ալֆրէտօ տառապեցաւ անօթութիւնէն  , օրեր շարունակ զրկուելով հացէն ու ջուրէն :  1948ին, երբ Պիրմանիան իր անկախութիւնը հռչակեց  երկիր մէջ զինուորական յեղափոխութիւն տիրեց , այդ օրերուն  է որ Հայր Ալֆրէտօ իր քրիստոնէական դաւանած հաւատքին համար կը սպաննուի պետութեան ոստիկաններուն կողմէ: Մարտիրոսութենէն  71 տարի ետք, շաբաթ 19 հոկտեմբերին, Հայր Ալֆրէտօ երանելի կը հռչակուի արժանանալով խորաններուն պատուոյն , ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին օրով:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2019, 10:58