Որոնել

Աղթամարի եկեղեցին Աղթամարի եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:

Հետաքրքրութեան Կրակը

Հետաքրքրութիւնը առհասարակ ժխտական իմաստով կը ներկայացուի:

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Արեւմտահայերէն ու արեւելահայերէն արտայայտութիւններն ալ այս արմատը ունեցող բառին թեթեւ տարբերութիւն մը ունին իրարմէ:

Ոմանք սխալ կերպով ալ կը գործածեն բառը, կարծելով, թէ աւելի մաքուր հայերէն կը խօսին:

Արեւելահայ խօսակցական լեզուին մէջ «հետաքրքիր» բառը երեւոյթի մը «հետաքրքրական» ըլլալը կը մատնանշէ, կամ անհատի մը տարօրինակ ըլլալուն մասին արտայայտութեան ձեւ է:

Մինչ, արեւմտահայ լեզուամտածողութեամբ, «հետաքրքիր» բառը ածական մըն է, որ կը տրուի այնպիսի անհատներու, որոնք ուրիշին վերաբերող երեւոյթները ու կացութիւնները մօտէն քննելու եւ այլոց կեանքը պեղելու աշխատանքին լծուած կ’ըլլան մնայուն կերպով:

Բաղձալի պիտի ըլլար, որ իւրաքանչիւր լեզուի տարբերակին տիրապետող անձը, իր ըմբռնած մայրենիին սկզբնական տարբերակով խօսէր, երկիմաստ կամ իմաստային շփոթ ստեղծող բառերու պարագային եւ հարկ եղած ժամանակ միայն բացատրութիւն տալով:

Մենք այսօր, առաւելաբար պիտի քննարկենք «հետաքրքիր» բառին իբրեւ ածական գործածութեան պարագան, փնտռելով մանաւանդ անոր դրական իմաստը եւ ո՛չ թէ անգործ մարդու գործ դարձող «հետաքրքիրութեան» նշանակութիւնը:

Գերմանիա կատարած մէկ կարճ այցելութեանս ընթացքին, Լայփցիկ քաղաքին մէջ հանդիպեցայ շուրջ 90ամեայ կնոջ մը, որ Ատոլֆ Հիթլէրը անձամբ տեսած էր իր մանկութեան: Անոր հետ յատկապէս խօսեցանք ՝՝հետաքրքրութեան՝՝ նիւթին շուրջ: Չափազանց զարմանք պատճառողը ա՛յն վկայութիւնն էր, զոր ան տուաւ իր նոր օրերուն մասին: Ամուսինը տարիներ առաջ կորսնցուցած այս ազնուական կինը կ’ըսէր, թէ իր առօրեայ «աշխատանքներէն» է երթալ համալսարանները եւ ճաշի թէ սուրճի դադարներուն մտնել ճաշասրահները, ուսանողներու եւ ուսանողուհիներու ընտրած ճիւղերուն ծանօթանալու համար: Ան պատմեց, թէ ինչպէս կը մօտենայ յատկապէս նորեկ ուսանող-ուսանողուհիներուն, կը բարեկամանայ անոնց հետ ու կը հետաքրքրուի անոնց ապագայ ծրագիրներով: Անոնց ուսման եռանդը խանդավառութիւն կը ներշնչէր իրեն եւ նոր յոյս կը վառէր հոգիին մէջ, իր երկրի ապագային գծով:

Մեր հանդիպման աւարտին, կինը ըսաւ.

– Կեանքի մէջ հետաքրքրութեան կրակ ունենալն է կարեւորը:

Կեանքի խորունկ փիլիսոփայութիւն մը կար այդ կարճ նախադասութեան մէջ։ Այո՛, կարեւոր է հետաքրքրութեան կրակ ունենալը, այս կեանքը ճիշդ հունի մէջ դնելու համար: Հետաքրքրութիւնը այստեղ շինարար դերակատարութիւն կ’ունենայ եւ ո՛չ թէ քանդարար ու նախանձէ մղուող: Հետաքրքրութեան տեսակ մը, որուն նպատակը յառաջդիմութիւնն է ամբողջ մարդկութեան: Մինչ սեփական հետաքրքրութիւնը, անձի մը կարծեցեա՛լ յառաջդիմութիւնն է, որ միշտ ի հեճուկս ուրիշի մը կը կատարուի, որուն կործանումով պայմանաւորուած կ’ըլլայ անոր յաջողութիւնը:

Դրական հետաքրքրութիւնը այն է, որ անհատ մը կ’արտայայտէ հոգածու վերաբերում ցոյց տալով: Այդ հոգածութիւնը տուեալ անձէն անդին կ’անցնի եւ կը ծառայէ ընդհանրական բարիքին: Մինչ սովորական իմաստով գործածական դարձած հետաքրքրութիւնը՝ կործանարար է ո՛չ միայն շրջապատին, այլ նոյնինքն հետաքրքիր անձին համար: Այսպէս, դպրոցին նկատմամբ հետաքրքրութիւնը՝ անոր կրթական մակարդակին, ուսուցիչներու պատրաստուածութեան, ուսումնական ծրագրին կամ դաստիարակչական կերպերուն, նպատակ չունի հաստատութեան քանդումը: Այլ՝ դպրոցին նկատմամբ հետաքրքրութիւնը ապագայ նոր սերունդի բարիքին պիտի ծառայէ անպայման: Դէպի լաւը ձգտելու միջոց մը կը դառնայ այստեղ հետաքրքրութիւնը:

Ծնողներ եւս հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն իրենց զաւակներուն նկատմամբ անոնց ծնած իսկ օրէն, մինչեւ չափահասութեան տարիքը:

Դրական հետաքրքրութեան կրակ ունենալու քննութիւնը կը կատարուի պարզ հարցումով մը. Կը հաւատա՞ս ուրիշին ունեցած կարողութիւններուն, եւ կ’ուրախանա՞ս անոր յաջողութեամբ: Փորձէ՛ դուն քեզ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/10/2019, 08:17