Մալաթիոյ Հայկական եկեղեցի Մալաթիոյ Հայկական եկեղեցի 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:

Ցեխը աւելի արագաշարժ է:

Ցեխը կամ տիղմը որեւէ շարժում դանդաղեցնելու պատճառ կը դառնայ: Նոյնիսկ ջուրը, որուն մէջ մտնելով մարդ եթէ ուզէ արագ շարժումներ կատարել, չի՛ յաջողիր, որովհետեւ անիկա աւելի ծանր ըլլալով կ՛արգելափակէ ազատ շարժումները, իր ծանրութեան համապատասխան չափորոշիչ արագութիւն սահմանելով անոնց համար: Ուրեմն, որքան աւելի՛ շարժում արգելափակող կարողութիւն ունի ցեխը, որ ջուրէն քանի անգամ աւելի թանձր է, կաւային բնոյթ ունենալով:

Ցեխը բազմաթիւ աշխատանքներու մէջ օգտագործուող նիւթ է: Սկսելու համար հնադարեան ժամանակաշրջաններէ, պատմութեան ծանօթ է, որ մարդիկ իրենց տուներուն կամ այգիներուն պատերը ծեփելու համար ցեխը կ՛օգտագործէին: Նոյնիսկ ներկայ ժամանակներուն, երրորդ աշխարհեան երկիրներու գիւղական շրջաններուն մէջ կարելի է հանդիպիլ ցեխածեփ պատերով տուներու, ախոռներու եւ այլ կառոյցներու: Մարդու կենցաղային կեանքին այնքան նպաստած այս նիւթը՝ ցեխը, մարդու զարգացման եւ քաղաքակրթուելուն հետ, ինք ալ ունեցաւ զարգացման փուլեր, բրուտագործութենէն մինչեւ քանդակագործութիւն եւ այլ արուեստներ: Ծանօթ է, որ հին դարերէն սկսեալ մինչեւ այսօր, բրուտագործութիւնը միայն նախամարդու կենցաղային կամ լաւ եւս միայն խոհանոցային պիտոյքներու՝ պնակեղէնի ծանօթ տեսականիի արհեստը չէր, այլեւ արուեստ մը՝ զանազան տեսակի անօթներ պատրաստելու, ծաղկամաններէն սկսեալ մինչեւ տարբեր տեսակի իրեր՝ ձիթավառ լապտերներ, մեծ ու փոքր կոյժեր եւ այլ պիտոյքներ:

Ցեխին մասին եղած բոլոր այս գովասանական արտայայտութիւնները սակայն, չեն կրնար փարատել անոր կեղտոտ նկարագիրը:

Ցեխը կեղտոտ նիւթ է:

Կը ցեխոտէ մեր ձեռքերը ու նաեւ զգեստները կը կեղտէ։ Պէտք է ցեխէն հեռու պահել թէ մեր զգեստներն ու մարմինը  ու նաեւ մեր անձն ու կեանքը։

Ի՞նչ է կեղտը: Անիկա միայն սեփական նկարագիրի բիծերուն պատկերը չէ՛, այլեւ կրնայ նաեւ ուրիշին կողմէ քեզի ուղղուած զրպարտութիւն մը ըլլալ, յանկարծակի կերպով վրադ սրսկուած իբրեւ ցեխ կամ կեղտ:

Չարանենգ մարդոց առօրեային մաս կը կազմէ պատեհ առիթներու փնտռտուքը, անակնկալ հարուածներ հասցնելու անխոցելի մարդոց: Ծերունի բարեկամս կը պատուիրէր. _ Տղա՛ս, ցեխին քար մի՛ նետեր, երեսիդ կը ցատկէ:

Արդար է եւ ճշմարիտ այս խօսքը: Ինչո՞ւ կեղտոտել մաքուր զգեստներդ՝ այսինքն բիւրեղ նկարագիրդ, ամբողջ մարմինով ու հոգիով կեղտի մէջ մխրճուած աննկարագիր մարդուն պատասխան տալով…։ Դուն կը կարծե՛ս որ կրնաս քարով հարուածել անոր ճակատին, սակայն կը մոռնաս, որ անիկա կեղտի լոգարանին մէջ է ու ցեխով պատուած է անոր չորսդին, մինչ դուն մաքուր զգեստներ կը կրես, սպիտակ՝ ինչպէս ձիւնը: Հազիւ ձեռքիդ մէջ եղած առաջին քարը արձակես անոր վրայ, կրնայ պատահիլ, որ այդ քարը կեղտի տիղմին դիպչի, եւ բազմաթիւ սեւ կաթիլներով պատասխան ստանաս մաքուր զգեստիդ վրայ: Ցեխը, կեղտը, այսինքն աննկարագիր ու չար մարդը քեզմէ արագաշարժ է միշտ, եւ աւելի անխնայ կը վարուի յատկապէս մաքուր ու բիւրեղ հոգիով մարդոց հետ: Նախանձի թոյնին խտաստիճանը անոր մէջ շատ աւելի բարձր է, քան սովորական մարդոց մօտ: Ուստի, ծերունի բարեկամիս խրատը լսէ՛ եւ բնաւ քար մի՛ նետեր կեղտոտ հոգիով վրադ յարձակում գործող անձին ուղղութեամբ: Վստահ եղիր, որ անոր կեղտը մաքրամաքուր հագուստիդ վրայ կը ցատկէ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/10/2019, 08:11