Բերիոյ Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ Գերապայծառ Պետրոս Արք Միրիաթեան Բերիոյ Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ Գերապայծառ Պետրոս Արք Միրիաթեան 

Արքեպիսկոպոս Միրիաթեան հանդիպեցաւ Աթէնք հաստատուած Սուրիահայերուն հետ:

Արքեպիսկոպոսը Յունաստանի մէջ նախագահեց Աթէնքի Հայ Կաթողիկէներուն թեմէս ներս նոր սրահի բացման արարողութեան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Բերիոյ Հայ Կաթողիկէներուն թեմի առաջնորդ Արքեպիսկոպոս Միրիաթեան այցելեց Յունաստան, ընդառաջելով Աթէնքի թեմի հայ կաթողիկէներուն առաջնորդ գերապայծառ Յովսէփ Պեզեզեանի հրաւէրին:

Այցելութեան ծիրէն ներս կիրակի, 13 հոկտեմբեր 2019-ին, Բերիոյ Հայ Կաթողիկէներու թեմի առաջնորդ Արհ Պետրոս Արք Միրիաթեան, Սուրբ Պատարագ մատուցեց Աթէնքի մայրապետներուն Քարմելիթեան միաբանութեան վանքէն ներս: Սուրբ Պատարագին համապատարագեց Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ Թեմի  առաջնորդ, Գերպ Յովսէփ Ծ. Վ. Պեզեզեանը

Արքեպիսպոսը ապա Աթէնքի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանէս ներս հանդիպում ունեցաւ Աթէնք ժամանած սուրիահայ գաղթականերուն հետ: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ մօտէն ծանօթանալու Աթէնք հաստատուած սուրիահայերուն, ունկնդրելով անոնց մտահոգութիւններն ու դժուարութիւնները: Ներկաներուն փոխանցած սիրտի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը քաջալերեց Հայ հաւատացեալները յառաջ ընթանալու օրհնելով զանոնք:

Նշենք, թէ Արքեպիսկոպոս Միրիաթեան Յունաստան ժամանած էր առաջնորդ Պեզեզեանի հրաւէրով՝ բացումը կատարելու Աթէնքի թեմի նորակառոյց նոր սրահին, որ կը կրէ «Գոյունեան» անունը:
Սրահին բացման արարողութեան առթիւ արտասանած խօսքին մէջ, Արքեպիսկոպոսը շնորհաւորեց Աթէնքի կաթողիկէ թեմի առաջնորդը՝ Գերապայծառ Պեզեզեանը սրահի բացման առիթով: Ան ապա ակնարկելով Սրբոց թարգմանչաց տօնին, որոնց շնորհիւ «Սուրբ Գիրքը դարձաւ հայախօս եւ հայաշունչ», սրբազան Հայրը մաղթեց, որ նոր սրահը առիթ հանդիսանայ Հայ լեզուն եւ Հայ մշակոյթը միշտ վառ պահելու:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/10/2019, 12:14