Որոնել

Հալածուած Քրիստոնեաներ Հալածուած Քրիստոնեաներ 

2017 – 2019 տարիներու ընթացքին հակաքրիստոնէական հալածանքներուն հայող ուսումնասիրութեան ներկայացում։

Ուսումնասիրութիւնը կ՛ընդգրկէ 20 երկիրներու մէջ ի գործ դրուած հակաքրիստոնէական հալածանքները ու այդ հալածանքներու թիրախ հաւատացեալներու ապրած դժուարութիւնները

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 24 հոկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Հռոմի Թիպերինա կղզիի Սուրբ Բարթողոմէոս Պազիլիքայի մէջ ներկայացումը պիտի կատարուի «Աւելի հալածուած քան երբեւիցէ. Հակա քրիստոնէական հալածանքներու վրայ կեդրոնացում՝ 2017 2019 թուականներու ընթացքին» բնաբանով ուսումնասիրութեան,  որուն նախաձեռնողն է Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն  քահանայապետական բարեսիրական հաստատութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

 Ներկայաուցմին որպէս զեկուցողներ կը մասնակցին Պազիլիքայի Ռէկտոր՝ Հայր Անճելօ Ռոմանի, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի,  Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն հաստատութեան իտալիոյ մասնաճիւղի նախագահը Տիար Ալֆրետօ Մանթովանօ եւ հաստատութեան տնօրէն Տիար Ալեսսանտրօ Մոնթետուրօ։

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը կ՛ընդգրկէ 20 երկիրներու մէջ ի գործ դրուած հակաքրիստոնէական հալածանքները ու այդ հալածանքներու թիրախ հաւատացեալներու  ապրած դժուարութիւնները, բացայայտ կերպով  ներկայացնելով այն իրականութիւնը  թէ այսօր Քրիստոնէութիւնը աշխարհի մէջ  հալածանքի ենթարկուած հաւատքի տխուր առաջնութիւնը  ունի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2019, 08:47