Հռոմի Թիպերինա կղզիի Սուրբ Բարթողոմէոս Պազիլիքան Հռոմի Թիպերինա կղզիի Սուրբ Բարթողոմէոս Պազիլիքան 

«Աւելի հալածուած քան երբեւիցէ». Սուրբ Բարթողոմէոս Պազիլիքան կարմիրով կը գունաւորուի Հալածուած քրիստոնեաներուն համար։

Պիտի ներկայացուին 20 երկիրներու մէջ ի գործ դրուած հակաքրիստոնէական հալածանքները ու այդ հալածանքներու թիրախ հաւատացեալներու ապրած դժուարութիւնները

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Աւելի հալածուած քան երբեւիցէ. Հակա քրիստոնէական հալածանքներու վրայ կեդրոնացում՝ 2017 2019 թուականներու ընթացքին», այս է Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն  քահանայապետական բարեսիրական հաստատութեան կողմէ նախաձեռնուած՝ 24 հոկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Հռոմի Թիպերինա կղզիի Սուրբ Բարթողոմէոս Պազիլիքայի մէջ ներկայացուելիք ուսումնասիրութեան բնաբանը, որով պիտի ներկայացուին 20 երկիրներու մէջ ի գործ դրուած հակաքրիստոնէական հալածանքները ու այդ հալածանքներու թիրախ հաւատացեալներու  ապրած դժուարութիւնները, բացայայտելով  այն իրականութիւնը  թէ այսօր Քրիստոնէութիւնը աշխարհի մէջ  ամենահալածուած կրօնն է, ու կը կրէ այդ հալածանքներու դժբախտ առաջնութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Վերոնշեալ ձեռնարկին ելոյթ կ՛ունենայ ի մէջ այլոց  Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի,  Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն հաստատութեան իտալիոյ մասնաճիւղի նախագահը Տիար Ալֆրետօ Մանթովանօ եւ հաստատութեան տնօրէն Տիար Ալեսսանտրօ Մոնթետուրօ։

Ձեռնարկի ընթացքին նախատեսուած են նաեւ վկայութիւններ՝ զոր պիտի ներկայացնեն Քոլոմպոյի Սուրբ Անտոնի անուան սրբավայրի Ռէկտոր Հայր Եուտէ Ռայ Ֆերնանտօ, որ ականատես եղաւ անցեալ Սուրբ Զատկուայ տօներու ընթացքին Սրի Լանքայի մէջ եկեղեցիներու դէմ կատարուած ահաբեկչական անձնասպանական գործողութիւններուն, ու Հայր Ռոժէր Քոլոկօ՝ Պուրքինա Ֆազոյի հիւսիսային շրջանի Տորի թեմի քահանայ, որ երկրի հակաքրիտոնէական ամենաշատ յարձակումներու ենթարկուած թեմերէն մին է։ Հայր Ռոժէն ապա մտերիմ բարեկամն է Հայր Ժոել Եուկպարէի որ անցեալ 17 մարտէն ի վեր առեւանգուած է։

Երեկոյեան ժամը 18 մինչեւ 24 Սուրբ Բարթողոմէոսի պազիլիքան կարմիրով պիտի լուսաւորուի ի յիշատակ  հաւատքի պատճառաւ իրենց արիւնը դափած եւ սպաննուած բոլոր քրիստոնեաներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2019, 10:46