Որոնել

Սուրբ Վարդարանն ու Խաչը Սուրբ Վարդարանն ու Խաչը 

Հազար մանուկներ Սուրբ Վարդարանը կ՛աղօթեն միութեան եւ խաղաղութեան համար։

Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական հաստատութիւնը՝ 15-րդ անգամն ըլլալով 18 հոկետմբերին կ՛առաջարկէ միութեան եւ խաղաղութեան համար հազար մանուկներու սուրբ վարդարանի աղօթքի ձեռնարկը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 18 հոկտեմբեր 2019-ին, Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական հաստատութիւնը՝ 15-րդ անգամն ըլլալով  կ՛առաջարկէ միութեան եւ խաղաղութեան համար հազար մանուկներու սուրբ վարդարանի աղօթքի ձեռնարկը։

Ունկնդրէ լուրը

Քամերունը, Մալաուին, Լիբանանը, Փարակուէյը ու Փերուն, մի քանի երկիներ են այն 80 երկիներէն ուր հարիւրաւոր մանուկներ պիտի համախմբուին, միասին աղօթելու համար սուրբ վարդարանը՝ վասն միութեան եւ խաղաղութեան։

Վերոնշեալ ծրագիրը ծնունդ առած է 2005 թուականին Վենեզուելլյաի մայրաքաղաք Քարաքասի մէջ,  ուր մինչ խումբ մը մանուկներ վարդարան կ՛աղօթէին, մի քանի կիներ զգացին Սուրբ Կոյս Մարիամի ներկայութիւնը ու անոնցմէ մին յիշեց Փատրէ Փիոյին խոստումը. «Եթէ մէկ միլիոն մանուկներ վարդարանը աղօթեն՝ աշխարհը կը փոխուի»։ Եւ ահա այդ օրէն ամէն 18 հոկտեմբերին աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մանուկներ կը համախմբուին աղօթելու վարդարանը։ Թուականը պատահական չէ, 18 հոկտեմբերին կը յիշատակուի Ղուկաս Աւետարանիչին ծիսական տօնը, ան որ Յիսուսի  մանկութեան պատմութիւնը փոխանցեց մեզի ու աւանդութեան համաձայն շատ մօտիկ էր Մարիամին՝ Աստուածամօր։

Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական հաստատութիւնը իր 23 ազգային կեդրոններով հրաւէր կ՛ուղղէ բոլոր ընտանիքներուն, ուսուցիչներուն, ու անոնց որոնք կը գործեն հիւանդանոցներու, որբանոցներու ու մանուկներուն յատկացուած կեդրոններու մէջ, խրախուսելու մանուկները աղօթել Վարդարանը։

Հիմնարկը տրամադրութեան տակ կը դնէ՝ 25 լեզուներով թարքմանուած  Սուրբ Վարդարանի աղօթքի ուղեցոյց մը։

«Աղօթքը, գործունէութեան ու տեղեկատուութեան հետ միասին Տառապող Եկեղեցւոյ հիմնարկի երեք ուղղութիւններէն մին է» կը նշէ այս առթիւ Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն Իտալիոյ մասնաճիւղի տնօրէն՝ Տիար Ալեսսանտրօ Մոնթետուրօ,  հաստատելով որ իրենք կը հաւատան աղօթքի զօրութեան։

«Արդարեւ 2018-ի սուրբ վարդարանի աղօթքի օրը նուիրուած է Ասիա Պիպիին ու ան 13 օր ետք ազատ արձակուեցաւ» կը նշէ միշտ Մոնթետուրօ դիտել տալով որ «այս տարի կ՛ուզենք աղօթել սպաննուած քահանաներուն համար, յիշելով անոնց հաւատքի արի վկայութիւնը ինչպէս նաեւ մտածելով այն բոլոր առեւանգուած կղերականներուն, որպէսզի կարողանան շուտով ողջագուրել իրենց ընտանիքները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/10/2019, 10:57