Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացի Պազիլիքան Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացի Պազիլիքան 

«Ասսիզիի Հոգիին» 33 տարեդարձը։

Այս տարի եւս պիտի նորոգուի հաւաքը ու տարբեր կրօններու ներկայացուցիչներ պիտի համախմբուին Ասսիզիի մէջ իրարու հետ կիսելով աղօթքի, խորհրդածութեան ու քննարկումի պահեր:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

25-27 Հոկտեմբեր 2019-ին Ասսիզիի մէջ կազմակերպուած են զանազան ձեռնարկներ յիշատակելու համար «Ասսիզիի հոգիին»» 33-րդ տարեդարձը, 27 հոկտեմբեր 1986-ին Ասսիզիի մէջ կայացած խաղաղութեան ի սպաս կրօններու պատմական հանդիպումը, որուն նախաձեռնողը եղած էր երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը, որ ուզած էր Սուրբ Ֆրանչիսկոսի ծննդավայր ՝ Ասսիզիի մէջ համախմբել աշխարհի բոլոր կրօններուն ներկայացուցիչները ու առաջին անգամուան համար բոլորը միասին ու միատեղ աղօթեն խաղաղութեան համար։

Ունկնդրէ լուրը

Այս տարի եւս կը նորոգուի այդ հաւաքը ու տարբեր կրօններու ներկայացուցիչներ երեք օրուայ տեւողութեամբ կը համախմբուին Ասսիզիի մէջ, իրարու հետ կիսելով աղօթքի, խորհրդածութեան ու քննարկումի պահեր, ու մասնակցելու ուխտագնացութեան մը, որ կը համախմբէ աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած 100 արուեստագէտներ։

Ասսիզզի հոգիին այս տարուայ խորագիրն է «Տնտեսութեան շնորհել ոգի մը» ի պատրաստութիւն «Ֆրանչիսկոսի տնտեսութիւնը» բնաբանով միջազգային ձեռնարկին, որ՝ Ֆրանչիսկոս Պապին կամքով,  տեղի պիտի ունենայ Ասսիզիի մէջ, յառաջիկայ 26 -28 մարտ 2020 թուականին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/10/2019, 08:16