Հայ Կաթողիկէ «Ս. Միքայէլ» վանք Հայ Կաթողիկէ «Ս. Միքայէլ» վանք 

Այցելութիւններ Քեսապի Հայ Կաթողիկէ «Ս. Միքայէլ» վանքին։

Հիւրերը այցելած են վանքիս եկեղեցին, «Կիլիկիա» թանգարանն ու «Հայր Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Ճուրեան» գրադարանը։

Քեսապի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հովիւ՝ գերապատիւ Հայր Նարեկ Լուիսեանի դիմատետրին մէջ նշուած է թէ անցեալ  Ուրբաթ՝ 13 Սեպտեմբեր 2019-ին, Քեսապի Հայ Կաթողիկէ «Ս. Միքայէլ» վանք այցելած է  Գերմանացի թղթակից Տիկին Գարին Լէյքիֆէֆը, ընկերակցութեամբ Քեսապի թաղապետ՝ Պրն. Սեպուհ Գիւրքճեանի։

Ունկնդրէ լուրը
Գերմանացի թղթակից Տիկին Գարին Լէյքիֆէֆը
Գերմանացի թղթակից Տիկին Գարին Լէյքիֆէֆը

Տիկին Գարին զրոյց ունեցած  է Հայր Նարեկին եւ Պրն. Սեպուհին հետ Քեսապի տեղահանութեան եւ Սուրիոյ պատերազմին մասին։ Ան մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւած է Քեսապի եւ վանքի պատմութեան, այցելած է վանքիս եկեղեցին, «Կիլիկիա» թանգարանն ու «Հայր Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Ճուրեան» գրադարանը։

Տիկին Գարինը Սուրիոյ պատմութեան մասին Գերմաներէն լեզուով գրած է գիրք մը որ վերջերս թարգմանուեցաւ Արաբերէնի իսկ մօտ ապագային պիտի հրատարակէ իր երկրորդ գիրքը որուն մէջ կը յիշատակէ 1915-ի հայոց մեծ եղեռնը եւ Սուրիա ապաստան գտած ու մինչեւ մեր օրերը այնետղ ապրող հայերը։

Նորայր Շահինեան Քեսապի մէջ
Նորայր Շահինեան Քեսապի մէջ

Իսկ շաբաթ՝ 14 Սեպտեմբեր 2019-ին,  Հայ Կաթողիկէ «Ս. Միքայէլ» վանք այցելած է  Պրազիլահայ լուսանկարիչ՝ եւ ճարտարապետ՝ Պրն. Նորայր Շահինեան, որուն մեծմայրը Քեսապցի Կիւլէնիա Անանեանն է, որ 1933-ին, նաւով գաղթած է դէպի Պրազիլ։

Պրն. Շահինեանը 21 Մարտ 2014-ին, երեք ամիսներ ապրած եւ լուսանկարած է Վաքֆի մէջ ապաստան գտած Քեսապցի պապուկներն եւ մամիկներն։ Անոր  մեծ հայրը Աւետիս Շահինեան եղած է Հալէպի ամենանշանաւոր լուսանկարիչը որ օրին լուսանկարած է նշանաւոր պետական անձնաւորութիւններ։

 Նորայր Շահինեան Սուրիա եկած է պրպտելու եւ վերագտնելու իր պապենական արմատները, եւ բախտը ունեցած է գտնելու  իր մեծհօր նկարած լուսանկարները։ Ան վերջերս հրատարակած է գիրք մը որ կը խօսի իր ծնողքին պատմութեան մասին՝ մեծ գաղթի օրերուն։ Գիրքին տիտղոսն է  «Քարերը կը խօսին»։

Պրն. Նորայրը եւս այցելեց Ս. Միքայէլ վանքը, եկեղեցին, թանգարանը եւ «Հայր Մեսրոպ Ծ . Վրդ. Ճուրեան» գրադարանը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2019, 08:50