Որոնել

Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն  

Հալէպի եպիսկոպոսներուն կոչը միջազգային հասարակութեան պատժամիջոցներու վերացումին ուղիով

Հալէպի եպիսկոպոսները շնորհակալուին յայտնելով ստացած օգնութիւններուն համար կոչ ուղղած են հեռացած հաւատացեալներուն վերադարձ կատարելու երկիր

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

23 – 26 սեպտեմբերին «Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն» քահանայապետական բարեսիրական հաստատութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն իտալական բաժանմունքի տնօրէնին եւ Միլանի Թեմին արքեպիսկոպոս՝ գերապայծառ Մարիօ Տելփինիի, զօրակցական ճամբորդութիւն կատարած են Սուրիա, հանդիպումներ ունենալով տեղական քրիստոնեայ կաթողիկէ եկեղեցիներու առաջնորդներուն ու հաւատացեալներուն հետ։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ կազմակերպուած հաւաքի մը ընթացքին, Հալէպի եպիսկոպոսները շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր առատաձեռն օգնութիւններուն համար, կոչ ուղղած են արտասահման գտնուող հաւատացեալներուն, վերադարձ կատարելու երկիր, ընդգծելով թէ «այսօր կարելիութիւնը կայ վերսկսելու նոր կեանք մը»։

Հալէպի Եպիսկոպոսները  մատնանշած են նաեւ թէ իրենք ու համայն Սուրիան մտած են մոռացութեան մէջ, այս առնչութեամբ  կոչ ուղղելով միջազգային հասարակութեան՝ վերացնելու կիրարկուած բոլոր միջազգային պատժամիջոցները, «որոնք ամէն օր առ աւելիով կ՛աղքատացնեն Սուրիացիները»,  նշած են անոնք հաստատելով նաեւ թէ այդ պատժամիջոցները հակառակ են մարդկային իրաւունքին ու թէ կը տուգանեն համայն սուրիացի ժողովուրդը։  Հանդիպման ընթացքին բոլոր ներկաները աղօթած են նաեւ Սուրիոյ խաղաղութեան համար։

Նշենք թէ 2011 էն մինչեւ այսօր Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեգործական հաստատութիւնը 36 միլիոն եւրօ նուիրած է Սուրիոյ՝ տուներու եւ եկեղեցիներու վերաշինութեան համար, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ ընտանիքներուն, տարեցներուն ու անկարներուն խնամատարութիւն ապահովելու համար, ապա թիկունք կանգնելու հիւանդանոցներուն ու դպրոցներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2019, 08:26