Որոնել

Մարդավաճառութեան դէմ պայքարի մէջ յանձնառու՝«Տալիտա Քում» ցանցը Մարդավաճառութեան դէմ պայքարի մէջ յանձնառու՝«Տալիտա Քում» ցանցը  

Մարդավաճառութեան դէմ պայքարի մէջ յանձնառու՝«Տալիտա Քում» ցանցի լիագումար նիստը։

Յայտնենք թէ տարեկան լիագումար նիստին առթիւ մասնակիցները՝ 26 սեպտեմբերին առիթը պիտի ունենան հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Միաբանութիւններու Մեծաւորուհիներու միջազգային միութեան հովանիին ներքոյ՝ 21- 27 սեպտեմբեր 2019-ին, տեղի կ՛ունենայ Մարդավաճառութեան դէմ պայքարի մէջ յանձնառու՝«Տալիտա Քում» ցանցի լիագումար նիստը, որուն առիթով 49 երկիներէ ժամանած 86 պատգամաւորներ պիտի ներկայացնեն  իրենց աշխատանքները ու միասնաբար պիտի որոշեն մարդավաճառութեան եւ ստրկութեան դէմ պայքարի ապագայի ծրագիրները։

Ունկնդրէ լուրը

«Տալիտա Քում» ցանցը ծնունդ առած է 2009 թուականին։ Անոր առաջնհերթ նպատակն է պայքարիլ մարդավաճառութեան դէմ։

Երեւոյթ մը որ ըստ ՄԱԿ-ի մարդավաճառութեան մասին հրապարակած  տեղեկագրութեան, կը ներգրաւէ 40 միլիոն անձեր որոնց մեծամասնութիւնը՝ 70 առ հարիւրը կազմուած է կիներէ ու մանուկներէ։ Այդ ծիրէն ներս ապա սեռային չարաշահումը կը մնայ մարդավաճառութեան առաջին նպատակներէն մին, որուն դէմ պայքար մը մղէ ՝«Տալիտա Քում» միջազգային ցանցը, աշխարհի հինգ ցամաքամասերու մէջ տարածուած 44 ցանցերու միջոցաւ, որոնցմէ 9-ն Ափրիկէի մէջ, 11-ն Ասիայի մէջ, 15 Ամերիկա ապա 7-ն Եւրոպայի մէջ ու 2 Ովկեանեան ցամաքամասին մէջ։

Յայտնենք թէ  տարեկան լիագումար նիստին առթիւ մասնակիցները՝  26 սեպտեմբերին առիթը պիտի ունենան հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/09/2019, 08:15