Որոնել

Սիւնհոդոսական նիստ Սիւնհոդոսական նիստ 

Սկիզբ առաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսը։

Սիւնհոդոսը գումարուած է 3 – 13 սեպտեմբեր 2019-ին Զմմառու ցաւագին Տիրամօր նուիրուած մայրավանքին մէջ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 3 սեպտեմբեր 2019-ին Պատրիարքական Աթոռ Զմմառու Տիրամօր մայրավանքին մէջ սկիզբ առաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսը,նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ Հայ կաթողիկէ թեմերու առաջնորդներուն եւ միաբանութեանց մեծաւորներուն։

Աշխատանքային նիստերը սկիզբ առին Սուրբ Հոգւոյն ուղղուած աղօթքով հայցելով Անոր շնորհքները  ի բարօրութիւն Եկեղեցւոյ, բարեխօսութեամբն Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանին։

Սիւնհոդոսի ընթացքին սիւնհոդոսական հայրերը պիտի քննարկեն Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին յուզող հոգեւոր, հովուական, թեմական, կանոնական, վարչական, կրթական, հրատարակչական, տեղեկատուական եւ ընկերային հարցեր,  ինչպէս նաեւ շրջանի հայկական գաղութներուն իրավիճակը ու համայն հայութիւնը յուզող խնդիրներ։

Սիւնհոդոսի նիստերու ընթացքին քննարկում պիտի կատարուի նաեւ երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս 16-րդ Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքի երանացման գործընթացքի մասին։

Սիւնհոդոսի գումարման ընթացքին, յառաջիկայ կիրակի 8 սեպտեմբեր 2019-ի առաւօտեան ժամը 10.30ին Զմմառու Երանելի Իգնատիոս Մալոյանի անուան նուիրուած ամփիթատրոնին մէջ նախատեսուած է հայրապետական սուրբ պատարագ եւ սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան կարգ, նախագահութեամբ  Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին ու ներկայութեամբ Սիւնհոդոսական հայրերուն, կղերական դասին ու պաշտօնական հիւրերուն։

Միւռոնօրհնէք
Միւռոնօրհնէք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/09/2019, 12:30