Որոնել

 Ամազոնի նուիրուած սիւնհոդոս Ամազոնի նուիրուած սիւնհոդոս 

Հրապարակուած է Ամազոնի նուիրուած սիւնհոդոսի մասնակիցներուն ցանկը։

Սիւնհոդոսի գումարման առթիւ անոր կից նախատեսուած են բազմատեսակ ձեռնարկներ որոնք կը միտին՝ «Ամազոնիան բերել Հռոմ»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ օրերուն Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց յառաջիկայ 6էն 27 հոկտեմբեր 2019-ին, «Եկեղեցւոյ համար նոր ուղեւորութիւններ՝ ի նպաստ համապարփակ բնապահպանութեան» խորագիրով Վատիկանի մէջ գումարուելիք համա-Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին մասնակցողներուն ցանկը։

Ունկնդրէ լուրը

Եկեղեցական ու նաեւ քաղաքացիական ու բնապահպանական վերոնշեալ ծրագիրը կը միտի ուշադրութիւն յատկացնել  լայնատարած շրջանի մը՝ որ կ՛ընգրկէ 9 երկիրներ, ուր կ՛ապրին 34 միլիոն անձինք, որոնցմէ 3 միլիոնէն աւելին բնիկ ժողովուրդներն են ու կը պատկանին 390 ցեղային խումբերու։ Ամազոնեան տարածաշրջանը Երկիր մոլորակի թոքն է ու բնապահպանութեան ի նպաստ յանձնառումին ներքոյ ան կը ներկայացնէ մեծ մարտահրաւէր ու մարտահրաւէրի դիմաց են նաեւ այդ տարածաշրջանի մէջ ապրող բնիկ ժողովուրդները։

Սիւնհոդոսի գումարման առթիւ անոր կից նախատեսուած են այլ ձեռնարկներ, որոնց նպատակն է՝ մօտէն ծանօթացնել Ամազոնեան ու շեշտը դնել մարդկային համապարփակ զարգացումի ու բնապահպանութեան տագնապի վրայ։

Ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան «Ամազոնիա հասարակաց տուն» վերտառութեամբ ծրագրի ներքոյ, որուն մէջ ընդգրկուած են 130 է աւելի միջոցառումներ, որոնք պիտի տեւեն ամբողջ սիւնհոդոսի երկարութեամբ, որուն ծիրէն ներս նախատեսուած են նաեւ աղօթքի եւ խորհրդածութեան պահեր, ինչպէս նաեւ բնիկ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներ, ցուցահանդէսներ ու մշակութային հանդիպումներ որոնց նպատակն է՝«Ամազոնիան բերել Հռոմ»ու հաւատացեալներուն առիթ ընծայել հասկնալու այդ տարածաշրջանի հարստութիւնը, որմէ կախեալ է մեր մոլորակի ապագան։

Ծրագիրի մեկնարկը նախատեսուած է 5 հոկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Հռոմի «Santa Maria in Transpontina» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունենալիք աղօթքի հսկումով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2019, 12:00