Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ: Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ: 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ: Գայլին Գլխուն Աւետարա՞ն Կարդալ…

Գայլը իր բնութիւնը չի՛ փոխեր: որքան ալ փորձենք Աւետարան կարդալ անոր գլխուն, դարձի բերելու համար զայն:
Ունկնդրէ լուրը

Գայլը իր բնորոշ յատկութիւններով բոլորիս ծանօթ գազան մըն է, անոր անասնական, բնազդային կեանքի բառարանին մէջ գոյութիւն չունի «ներում» բառը: Ատիկա բարոյական աշխարհի, երբեմն բանական նկատուող էակներուն՝ մարդ արարածին, յատուկ բառ մըն է, որ դարձեալ իր բարձրութեան վրայ չի՛ գտնուիր: Մարդիկ երբեմն աւելի աններող են, քան գայլ մը, որուն ձեռքէն պատահաբար մէկը կրնայ փախուստ տալ, պահուըտելով անտառին մէկ մութ անկիւնը, այս կամ այն աննկատելի խոռոչին մէջ: Սակայն գազանացեալ մարդուն ձեռքէն խոյս տալը բաւական դժուար է:

Գայլը դարձի բերելու փորձեր, այսինքն՝ գայլին մէջէն յօշոտելու բնազդը չէզոքացնելու աշխատանքներ, շատ կատարուած են, յուսալով յաջողիլ։

Խիղճին ներկայութիւնը մարդու էութեան մէջ կը նմանցուի Աստուծոյ ներկայութեան, իսկ անոր բացակութիւնը՝ Անոր բացակայութեան: Խիղճին վրայ «քար դնել»ու կարողութիւնը ամէն մարդու տրուած չէ: Բռնակալներ եւս յաճախ փորձած են ընել ատիկա, սակայն յետոյ տառապած են հոգեպէս կամ խելագարած: Հիները կ՛ըսէին. ինչքան ապրիս, այդքան աւելի շատ տեսակի մարդոց կը հանդիպիս: Անշուշտ այստեղ ակնարկուած «տեսակ»ը մորթի գոյնին կամ ցեղային երկար կամ կարճ հասակին չի՛ վերաբերիր, այլ՝ նկարագրային գիծերու ու բնաւորութեան: Իւրաքանչիւր ազգի մէջ ալ կան լաւ ու վատ մարդիկ:

Գայլը իր բնութիւնը չի՛ փոխեր: որքան ալ փորձենք Աւետարան կարդալ անոր գլխուն, դարձի բերելու համար զայն:

Աւետարանի զօրութեան կը հաւատանք եւ պէտք է հաւատանք: Բայց մինչեւ գայլը խօսիլ սորվի, յետոյ փորձէ կարդալ սորվիլ ու մանաւանդ հասկնալ իր կարդացածը, «բանը բանէն անցած կ՛ըլլայ», ինչպէս կ՛ըսէ ժողովուրդը:

Կը պատմուի որ գիւղի մը մէջ կը յաջողին գայլ մը բռնել, եւ բոլորին տեսակէտը այն կ՛ըլլայ, որ եթէ գիւղի քահանան Աւետարան կարդայ անոր գլխուն, գայլը պիտի փոխէ իր բնութիւնը ու խելօքնալով իրենց հետ գիւղին մէջ ապրի խաղաղ ու երջանիկ: Գայլը կը համաձայնի եւ արարողութիւնը կը սկսի: Բոլոր բնակիչները գիւղին հրապարակը կը հաւաքուին: Տէր հայրը շուրջառ հագած, խնկեղինօք եւ մոմեղինօք կը բարձրանայ յատկապէս յարդարուած բեմը, կը կարդայ Աւետարանը, ճիշդ այնտեղը՝ ուր Յիսուս խաղաղասիրութեան մասին կը քարոզէ իր հետեւորդներուն: Ընթերցանութեան պահուն, գայլը կը տեսնէ գիւղացիները, անոնց երեխաները, մէկ խօսքով համայնքը, բոլորը, որոնք ուրախութեամբ կը հետեւէին իր «դարձի» անօրինակ հանդիսութեան: Զարմանալիօրէն այս հանդիսութեան չեն մասնակցիր գիւղին անասունները: Մէկ ոչխար միայն կորսնցուցած ըլլալով իր հօտի ընկերները, շուարած վիճակով ու մայելով կը վազէ դէպի իր փարախը: Գայլը նշմարելով զայն, յանկարծ կ՛ընդհատէ արդէն երկարած աւետարանական ընթերցումը, ըսելով. – Տէր Հայր, վերջացո՛ւր ալ, ոչխարը փախաւ: Անյոյս պարագայ է ուրեմն, գայլը դարձի բերելու որեւէ փորձ: Անոր ինկած բաժինը վայրենութիւնն է, որուն զոհ պիտի երթան բարիներ:

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/09/2019, 09:38