Որոնել

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:  Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:  

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ: Միտքիդ Զգեստաւորումը

Միայն հայելիին դիմաց կանգնելով գեղեցիկ հագուստ հագուած ըլլալովդ մի՛ բաւարարուիր, ո՛չ ալ զաւակներուդ անուանի վաճառանիշերով զգեստներ հագցուցած ըլլալուդ համար հպարտացիր, այլ՝ մտածումներուդ «զգեստ»ը՝ լեզուդ, կոկէ՛ ու վայելէ հոգեկան անխառն ուրախութիւնը:
Ունկնդրէ լուրը

Աշխարհի երեսին ո՛չ ոք թերեւս կարենայ հաստատել, թէ մէկ օրուան ընթացքին քանի՞ մտածումներ կը ձեւաւորուին իր միտքին մէջ: Ոմանք մինչեւ իսկ իրենց անկողինին մօտ, լուսամփոփին տակ կը դնեն փոքրիկ տետրակ մը, գիշերուան ուշ ժամերուն յանկարծ իրենց միտքին մէջ ծագած մտածումը չփախցնելու եւ այնտեղ արձանագրելով, առաւօտուն զայն կարենալ վերյիշելու համար: Կ՛ըսուի, թէ նման պահերու երբեմն անգին մտածումներ կ՛արթննան մարդուս միտքին մէջ, եւ ափսոս կ՛ըլլայ զանոնք կորսնցնելը…

Դեռ կայ նաեւ ասացուածք, որուն համաձայն, մեծ մարդիկ գիշեր ատեն «կ՛որոճան» իրենց մեծահամբաւ գործերը, զորս ցերեկ ատեն կ՛իրագործեն, մարդկութեան պարգեւելով մեծ բարիքներ:

Մեր մտածումը բանաձեւելու համար ըսենք, թէ մարդոց միտքին մէջ առօրեայ դրութեամբ արթնցող բազմաթիւ լաւ ու վատ մտածումներուն մէջէն եթէ կարենայինք զատել լաւերը, դրականները կամ շինիչները, մարդկութեան կեանքը պիտի կրնայինք յեղաշրջել դէպի բարին, եւ ընդհանրական բարիքին պիտի ծառայէին այդ դրական մտածումները:

Մարդկային մտածումները միշտ տարազաւորումի կարիք ունին: «Տարազ» ըսելով, երկու բացատրութիւն կրնանք տալ:

Առաջին՝ բանաձեւում: Մտածումները պէտք է բանաձեւուին, գործնապէս մտածում դառնալու համար: Այլապէս անոնք պիտի մնան սոսկ անորոշ գաղափարներ։ Արդ՝ առաջին հերթին, մեր միտքին մէջ պէտք է բանաձեւուին, տարազաւորուին մտածումները:

Երկրորդ, չի՛ բաւեր միայն տարազաւորել զանոնք, այլ պէտք է նաեւ արտայայտել: Լսուած խօսք է, թէ՝ չխօսող իմաստունը կարելի չ՛ըլլար զանազանել չխօսող յիմարէն:

Մտածումը լիարժէք ներկայացնելու համար, պէտք է զայն բանաձեւել եւ ապա արտայայտել:

Մարդկային մտածումներու բանաձեւման կարեւոր ազդակներէն ու միջոցներէն մէկն է լեզուն: Սա այն մկանն է, որ մարդը այլ արարածներէ կը տարբերէ: Միայն հրեշտակներու համար կարելի չէ՛ ընդհանրացնել այս գաղափարը, որովհետեւ անոնք թէեւ հոգեղէն աննիւթեղէն գոյութիւններ են, սակայն, ի պահանջեալ հարկին կը խօսին ու աստուածային պատգամներ կը հաղորդեն մարդոց:

Լեզուն մարդկային մտածումները բանաձեւող իբրեւ «գործիք», նաեւ կրնայ շփոթիլ ու հարազատօրէն չներկայացնել այն մտածումը, որ գծագրուած է մարդու միտքին մէջ: Երբեմն ունկնդիր կը դառնանք յանկարծախօսութեամբ իրենց մտածումները արտայայտող մարդոց խօսքին ու ոչինչ կը հասկնանք… Պարզապէս անոնք կրնան լեզուական թերութիւն ունենալ, կամ՝ իրենց խօսած լեզուի լեզուամտածողութեան լաւապէս տիրապետած չըլլալ: Սա կրնայ պատահիլ նոյնիսկ իր մայրենի լեզուով արտայայտուող մարդոց պարագային:

Լեզո՛ւն է մտածումներուդ «զգեստ»ը:

Այնպէս, ինչպէս իւրաքանչիւր առիթի յատուկ ու պատշաճ զգեստ կը հագնիս, նոյնպէս ալ իւրաքանչիւր նիւթի շուրջ մտածումներդ բանաձեւելու համաձայն լեզու պիտի գործածես, որպէս յարմարագոյն «զգեստ»ը մտածումներուդ: Այլապէս, մտածումներդ պիտի նմանին պահուան ու միջավայրին անյարմար զգեստներով ներկայացող մարդոց, իսկ յոռեգոյն պարագային, մերկ վիճակով հանրութեան ներկայացող անկիրթ նախամարդոց…

Մտածումներդ լաւագոյն ձեւով «զգեստաւորելու» համար, պէտք է խնամք տանիս նախ մտածումներուդ եւ թոյլ չտաս որ ցրուին անոնք:
Մտածումներուդ «զգեստը» այսինքն՝ լեզուդ, ինչքան պարզ ըլլայ ու յստակ, այնքան աւելի կը դառնայ համոզիչ ու ընկալելի: Ահա թէ ինչու խրատական խօսքերու հիմնական սկզբունքը, բերանէն ելած սեփական խօսքին ուշադրութիւն դարձնելու շուրջ զգուշաւորութիւն կը սորվեցնէ: Անգիր օրէնք ու չսահմանուած կանոն է ասիկա, որովհետեւ ծանր պատասխանատուութեան կը կանչէ մարդը, որ իր մտածումները արտայայտելով կրնայ ազդել շրջապատին վրայ: Մանաւանդ, երբ խօսողը պատասխանատու անձ է, պէտք է անոր խօսքը չափուած ու ձեւուած, կոկուած ու կշռուած ըլլայ, վատ տպաւորութիւն չթողելու եւ սխալ ազդեցութիւն չունենալու համար ունկնդիրներուն վրայ:

Միայն հայելիին դիմաց կանգնելով գեղեցիկ հագուստ հագուած ըլլալովդ մի՛ բաւարարուիր, ո՛չ ալ զաւակներուդ անուանի վաճառանիշերով զգեստներ հագցուցած ըլլալուդ համար հպարտացիր, այլ՝ մտածումներուդ «զգեստ»ը՝ լեզուդ, կոկէ՛ ու վայելէ հոգեկան անխառն ուրախութիւնը:

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/09/2019, 07:56