Կիրկանօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն Կիրկանօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն 

Կիրակի 29 Սեպտեմբեր 2019 Տօն Վարագայ Սուրբ Խաչին

ՎԵՐՋԻՆ ԴԱՏԱՍՏԱՆԻ ՆՇԱՆՆԵՐԸ - Մատթէոս 24, 30-35

Աւետարանի մեծագոյն մեկնաբանները Քրիստոսի այս խօսքերուն մէջ տեսած են աշխարհի վերջի, ինչպէս նաեւ Վերջին Դատաստանի նկարագրութիւնը։ Այս խօսքերով` Յիսուս չ՛ուզեր մեզ սարսափեցնել, այլ ընդհակառակը` կ՛ուզէ պատրաստել մեր սրտերը իր վերջին գալստեան. Եւ տրուած ըլլալով որ չենք գիտեր ժամը եւ օրը, ուստի միշտ պատրաստ գտնուելու ենք, որպէսզի արժանանանք փառքի մէջ մտնելու եւ լոյսերու մէջ դասուելու։

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ապաշխարութիւնը լաւագոյն պատրաստութիւնը կը կազմէ քրիստոնեայի մը հա-մար, ոչ թէ որովհետեւ ան մեղաւորի մտայնութիւն պէտք է մշակէ, այլ որպէսզի խոնար-հաբար պատրաստուի ընդունելու Տէրը իր սրտին մէջ. Ապաշխարութեան արտաքին ձեւերէն մին կը կայանայ կուրծքի փախումին մէջ։ Երբ մարդ իր կուրծքը կը ծեծէ, այդ կը նշանակէ թէ կ՛ընդունի իր յանցանքները եւ ինքզինք կը հպատակեցնէ Աստուծոյ. Հայ ծէսին մէջ այս նշանը կը կատարուի հաղորդութենէն անմիջապէս առաջ, որպէս արտաքին նշան մը զղջումի մեղքերուն վրայ։

Վարդապետը ինք եւս կ՛ընէ նոյն նշանը պատարագի ընթացքին. Ամէն անգամ որ կ՛արտասանէ Խոստովանիմ-ը, իր կուրծքը կը ծեծէ. Կուրծքը սրտի պատսպարանն է, եւ երբ մեր կուրծքը կը բախենք, կ՛ուզենք ըսել թէ սրտանց կը զղջանք մեր գործած յանցանքներուն համար. Արտաքին ձեւերը կ՛օգնեն աւելի լաւ հասկնալու համար ներքին զգացումները եւ նաեւ աւելի ջերմեռանդ կերպով աղօթելու համար։

Աւետարանին մէջ կ՛ըսուի թէ պիտի գան հրեշտակները եւ պիտի հաւաքեն ընտրեալները աշխարհի չորս ծագերէն. Որո՞նք են ընտրեալները. Աստուածային ընտրութիւնը յայտնի կ՛ըլլայ ամէն մէկուն վրայ իր տուած շնորհքով։ Սակայն Աստուած չէ զրկած որեւէ մէկը իր ընտրութենէն. Այնպէս ինչպէս սերմնացանը, Յիսուսի պատմած առակին մէջ` ամէն տեղ կը նետէ ցորենի հատիկները, Աստուած ալ ամէն մարդու կը բաշխէ իր շնորհքը. Սակայն, ինչպէս որ կը տեսնենք առակին մէջ, ոմանք կ՛ընդունին այդ խօսքն ու շնորհքը եկած Աստուծմէ, ուրիշներ կարեւորութիւն չեն տար անոր, իսկ ոմանք ալ բոլորովին կը մերժեն զայն ընդունիլ։

Մեզմէ ամէն մէկուն կ՛իյնայ կատարել մեր ընտրութիւնը` մտնելու արդարներու խումբին մէջ. Ուստի ի վերջոյ ընտրութիւնը Աստուած չէ որ կը կատարէ, այլ մենք զայն կ՛ընենք, մեր ազատ կամքովը, համապատասխանելով Աստուծոյ շնորհքին։ Ուրիշ ճար չունինք. Կամ կ՛ընդունինք, կամ կը մերժենք. Եւ այս մեր որոշումն է որ կը պայմանաւորէ Աստուծոյ կողմէ ձրիօրէն մեզի ընծայուած փրկութիւնը ։

Թզենիին օրինակը կու տայ Քրիստոս բոլոր անոնց որոնք գիտեն երեւութաբա-նութիւնը եւ կրնան գուշակել գալիք օդը կամ կլիման բնութեան տարրերէն։ Մեզ շրջապատող բնութիւնը մեզի նշաններ կ՛ընէ եղանակներու փոփոխութեան առիթով. Ծառերու տերեւներէն, ծաղիկներու բացուելէն, պտուղներու հասնելէն` կրնանք զանազանել տարւոյն մէկ եղանակը միւսէն։ Նոյնպէս ալ` երբ արտաքին նշաններ մեզի ցոյց կու տան թէ կարեւոր ու կենսական որոշում մը պէտք է առնել, իմաստ մը տալու համար մեր կեանքին, պէտք չէ տարակուսիլ, Աստուած է որ կը ղրկէ այդ նշանները որպէսզի հասնինք հոն ուր իր շնորհքը մեզի կը սպասէ. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/09/2019, 08:42